image

Իրան կրնայ «անկանխատեսելի» հարուած մը տալ Իսրայէլին. «Ետիհոթ Ահրոնոթ»

Իրան կրնայ «անկանխատեսելի» հարուած մը տալ Իսրայէլին. «Ետիհոթ Ահրոնոթ»

Իսրայէլի մէջ անվտանգութեան լուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ'ունենան, ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիան հարուածելու պարագային, իրանեան կամ սուրիական հաւանական հակայարձակման պատրաստ գտնուելու համար:

Իսրայէկեան «Ետիհոթ Ահրոնոթ» թերթին համաձայն, Բենիամին Նաթանիահուի գլխաւորած անվտանգութեան նախարարական խորհուրդն ու իսրայէլցի ռամագէտներ համոզուած են, թէ Սուրիա Իսրայէլի հետ անմիջական պատերազմ մղելէ զերծ պիտի մնայ:

Սակայն միաժամանակ յայտարարած են, որ Իսրայէլ լուրջ կ'ընդունի Սուրիոյ մէջ իրանեան ռազմակայանին դէմ յարձակման պատախանը տալու Իրանի սպառնալիքները:

Թերթը նշած է նաեւ, որ նախքան նախարարական խորհուրդի նիստը, հանդիպում տեղի ունեցած է Նաթանիահուի, Պաշտպանութեան նախարարին, Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարին եւ ռազմական հետախուզութեան վարչութեան պետին միջեւ: