Ամերիկահայ հրապարակախօս Յարութ Սասունեանի կարծիքով Հայաստանի վերջին զարգացումները պատճառ չեն կրնան դառնալ, որ որպէս Ամերիկա ապրող եւ բնակութեան համար անհրաժեշտ օրինական փաստաթուղթերը դեռ չլրացուցած հայաստանցի մեր հայրենակիցները դուրս դրուին երկրէն: Սասունեան, որ այս մասին «Արեւելք»ին խօսեցաւ նաեւ յայտնեց, որ «Հայաստանցիներու Ամերիկայէն արտաքսուելու հաւանականութեան մասին ես որեւէ տուեալ չունիմ, նաեւ դժուար է հաւատալ որ Փաշինեանի վարչապետ նշանակուելէ ետք, Ամերիկա եւ եւրոպական երկիրները երկու օրուան մէջ այսքան արագ որոշում կը կայացնեն»:
Սասունեան, անդրադառնալով Հայաստանի վերջին զարգացումներուն նաեւ յայտնեց, որ ինք դրական շեշտադրումներով կ'ընդունի եղած դէպքերը:
Խօսելով Ամերիկայէն Հայաստանի քաղաքացիներուն արտաքսուելու վարկածին մասին Սասունեան բացատրեց, որ այդ կարգադրութիւնը կրնայ կատարուիլ միայն անոնց համար, որ Ամերիկեան դատարաններու առջեւ քաղաքական ապաստանեալի հայց ներկայացուցած են:
Ան այս առումով ըսաւ ՝ «Եթէ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ ամէն ինչ բնականոն հունի մը մէջ մտնէ, ապա բոլոր անոնք, որոնք Ամերիկեան դատարաններուն դիմաց կանգնելով քաղաքական ապաստան ստանալու մասին հայց ներկայացուցած են կրնան մերժուիլ եւ ապա արագ կարգադրութեամբ մը երկրէն դուրս դրուիլ»:
Սասունեան նաեւ ըսաւ, որ չի բացառեր, որ եւրոպական երկիրներու մէջ ալ նման կարգադրութիւններ գործի դրուին:
Ամերիկահայ գործիչը իր խօսքը աւարտելով նաեւ նշեց, որ վտարումի կամ որոշ իրաւունքներէ զրկումի խնդիրը կրնայ վերաբերիլ միայն անոնց , որոնք Ամերիկայի իշխանութիւններէն կեցութեան կամ քաղաքացիական փաստաթուղթեր կը պահանջեն պատրուակելով իրենց քաղաքացիական կեցուածքը եւ յայտարարելով, որ խնդիրներ ունին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: