image
Հրատապ լուրեր:

Ասատ կը խօսի «մեծ պատերազմ»ի հաւանականութեան մասին

Ասատ կը խօսի «մեծ պատերազմ»ի հաւանականութեան մասին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ իր երկիրը խումբ մը ահաբեկիչներու դէմ կը պայքարի, որոնք են Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի զօրքերը, եւ շարք մը երկրիներ մեղադրած Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին համար:

Յունական «Kathimerini» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Ասատ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմի պատասխանատուութիւնը բարդած է Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ վրայ, որովհետեւ անոնք են ահաբեկչական խմբաւորումներուն օժանդակող երկիրները:

Ինչ կը վերաբերի Թրամբի յայտարարութեան, թէ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներն իր առաքելութիւնն աւարտեց, Ասատ պարզաբանած է, որ ԱՄՆ-ի միակ առաքելութիւնը Սուրիոյ մէջ եղած է «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման օժանդակելը, որպէսզի վերջիններս կարողանան Ռաքքայէն Տէր Զօր փախչիլ, եւ այնտեղ Սուրիոյ բանակին դէմ պայքարիլ:

Խօսելով երրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկման հաւանականութեան մասին, Ասատ հեռու համարած է Սուրիոյ հողերէն համաշխարհային պատերազմ սկսելու վտանգը, որովհետեւ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը իմաստուն է, եւ կարողացաւ հմտօրէն խուսափիլ ԱՄՆ-ի կողմէ զինք հակամարտութեան մէջ ներգրաւելու փորձերէն:

Ասատի կարծիքով, համաշխարհային պատերազմ բռնկելու պարագային, այն կրնայ նման չըլլալ առաջին երկուքին, սակայն միաժամանակ պաղ պատերազմ ալ պիտի չըլլայ:

Աւարտին Ասատ յոյս յայտնած է, որ աշխարհի խոշորագոյն ուժերու միջեւ բախում տեղի չունենար, այլապէս ամէն բան հսկողութենէ դուրս պիտի գայ: