image

Կոլանի հարուածէն ետք տասնեակ հրթիռներ Դամասկոսի ուղղութեամբ

Կոլանի հարուածէն ետք տասնեակ հրթիռներ Դամասկոսի ուղղութեամբ

Կոլանի դէմ եղած հրթիռարձակումներէն ժամեր անց իսրայէլեան հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի մէջ:

Այս մասին կը յայտնէ Սուրիոյ «Սանա» պաշտօնական գործակալութիւնը նշելով, որ սուրիական հակօդային խարիսխները յաջողած են վար առնել իսրայէլեան տասնեակ հրթիռներ:

Իր կարգին կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրթիռներ թիրախ դարձուցած են Դամասկոսի մէջ եղող սուրիական բանակի օդային ուժերու զինուորական կեդրոններ  եւ ռատարային համակարգերու կեդրոններ:

Եղած վնասներուն մասին յստակ տուեալներ չեն փոխանցուիր:

Ըստ «Ռօյթըրզ» կայանին հրթիռարաձակումներէն անմիջապէս ետք ելեկտրականութիւնը անջատուած է եւ մայրաքաղաքը յայտնուած է խաւարի մէջ: