image
Հրատապ լուրեր:

Քաղաքական մեծ ցնցում. Թրամբ հրաժարեցաւ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրէն

Քաղաքական մեծ ցնցում. Թրամբ հրաժարեցաւ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրէն

Երկար քննարկումներէ ետք, երէկ, երեքշաբթի օր ԱՄՆ նախագահ Թրամբ յայտարարած է, որ որոշած է հրաժարիլ Իրանի հետ ստորագրուած միջուկային համաձայնագիրէն, առանց հաշուի առնելու եւրոպացի ղեկավարներու կողմէ հնչած զգուշացումները: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Համաձայնագիրի չեղարկման որոշումն ստորագրած ժամանակ Թրամբ յայտարարած է, որ կը պատրաստուի Իրանի ու վերջինիս հետ համագործակցող երկիրներու դէմ դաժանագոյն պատժամիջոցներ կիրառել:

Համաձայնագիրը չեղարկելու որպէս հիմք Թրամբ նշած է, որ եթէ ԱՄՆ առիթ տայ համաձայնագիրի կիրառումը շարունակելու, շատ կարճ ժամանակուան մէջ Միջին Արեւելքի մէջ միջուկային զէնք պիտի յայտնուի, աւելցնելով նաեւ, որ ԱՄՆ ներկայիս կտրուկ ապացոյցներ ունի, թէ Իրան իր խոստումները դրժած է, եւ համաձայնագիրը չյաջողեցաւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել:

Իր հերթին Ռոհանի յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ կիրառել համաձայնագիրը անգամ Ուաշինկթընի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, աւելցնելով, որ ԱՄՆ անգամ մը եւս ապացուցեց, որ ինք խոստումներ դրժող պետութիւն է:

Ռոհանի շեշտած է, որ ԱՄՆ տարածաշրջանի ժողովուրդները դաւաճանող եւ ահաբեկչութեան սատարող պետութիւն է, որուն վկան է շատ մօտ անցեալը:

Ռոհանի յայտարարած է նաեւ, որ Իրան Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ պիտի քննարկէ ԱՄՆ-ի համաձայնագիրէն դուրս գալու հարցը, միաժամանակ կոչ ուղղելով իրանցիներուն յուսահատութեան չմատնուիլ, որովհետեւ երկիրը պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ ու տնտեսապէս զարգանալ: