Հալէպի մէջ ինքնաշարժի ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է հայ կաթողիկէ վարդապետ Հայր Եղիշէ Ճանճին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:
Ցաւալի պատահարին մասին աւելի ուշ հաղորդագրութիւն հրապարակեց Բերիոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդը:
Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուի, թէ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:
Այցելութիւնները տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 1:00, իսկ երեկոյեան ժամը 4:00-էն մինչեւ ժամը 8:00-ը:
Յետ թաղման կարգին, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին, Ս. Խաչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 1:00:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը այս տխուր առիթով ցաւակցութիւններ յղած է հանգուցեալ վարդապետի հարազատներուն եւ մտերիմներուն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել