image

Բերդի համերգին հայկական խումբերու մասնակցութիւնը պատահական չէր. Հալէպահայ երաժիշտ

Բերդի համերգին հայկական խումբերու մասնակցութիւնը պատահական չէր. Հալէպահայ երաժիշտ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հալէպահայ   երաժիշտ  եւ  ՀԲԸՄի   երաժշտանոցի ուսուցիչ Սագօ  Աւագեանը:   

 

-Պրն. Աւագեան, ինչպէս գիտենք, երէկ Հալէպի մէջ պատմական օր էր, պատերազմէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Հալէպի բերդէն ներս հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ հանսդիսութիւն տեղը ունեացաւ: Ի՞նչ առիթով էր այդ հանդսութիւնը, ով էր կազմակերպողը, ինչ էր ծրագիրը, հակիրճ տողերու մէջ կրնա՞ք պատմել:

17 Ապրիլiն Հալէպի բերդին մէջ եղած հանդիսութիւնը նուիրուած էր  Սուրիոյ ֆրանսական տիրապետութենէն անկախացման տարեդարձին, Հալէպի ազատագրման եւ սուրիական քայլերգի 80-ամեակին: Ան կը վայելէր Սուրիոյ վսեմշուք նախագահի բարձր հովանաւորութիւնը: Կրնամ ըսել, որ սա վերջին 10 տարուան ընթացքին Հալէպի բերդին մէջ ամենամեծ շուքով նշուած հանդիսութիւնն էր: Ինչպէս ըսիք, մեծ թիւով հայկական խումբեր եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստական ծրագրին:

Անշուշտ կային նաեւ արաբական խումբեր, ինչպէս բանակի եւ ոստիկանութեան փողերախումբը, որ բացումը կատարեց հանդիսութեան, անկէ ետք Սուրիոյ քայլերգի պատմութիւնը ներկայացնող փոքր տեսաերզով մը ցուցադրուեցաւ, կատարուեցաւ ազգային պարեր, բացի հայկական պարախումբերէն՝ Համազգայինի «Շուշի» եւ «Սարդարապատ», եւ Վրէժ Թէրզեանի «Գառնի» պարախումբէն, կար նաեւ չէրքէզական խումբ մը, ներկայացուեցաւ հալէպեան աւանդական երգեր՝ նուագախումբի ընկերակցութեամբ, կար նաեւ Հալէպի նուիրուած ասմունք, հանդէս եկան առանձին երգիչներ, գեղարուեստական բաժնի աւարտին «Նարեկաց»ի եւ «Զուարթնոց» երգչախումբերը՝ մաէսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի ղեկավարած Սիմֆոնիք նուագախումբի, «Սապա» խումբին եւ ՀԲԸՄ-ի «Կոմիտաս»ի անուան սենեկայինի երաժիշտեներու մասնակցութեամբ ազգայնական երգեր երգեցին:


-Իչպէս կը նկատենք գեղարուեստական յայտագրին մէջ  մեծ թիւով հայկական տարբեր խումբեր մասնակցած են, ինչո՞վ կը բացատրէք հայկական այդքան մեծ ներկայութիւնը, արդեօք Հալէպի մշակութային կեանքին մէջ հայկական խումբերը դեռ գերիշխող են: Արաբ հանդիստաեսը ինչպէ՞ս  գնահատեց այդ մէկը:

Այո, հայկական ներկայութիւնը մեծ էր եւ նկատելի, եւ այդ մէկը իմ կարծիքով հիմնաւորուած պատճառ ունի: Երբ Հալէպի ամենավատ, ամենածանր օրերուն հայկական բոլոր երգչախումբերը, պարախումբերը իրենց փորձերը կը շարունակէին, այսօր այդ աշխատանքին արդիւնքն էր որ  վայելեցինք. այդ վեց տարուան ռումբերուն, հրթիռներուն եւ դաժան պատերազմի օրերու ընթացքին, մինչեւ ուշ ժամեր հայկական ակումբներէն ներս մեծ սիրով տարուած  աշխատանքի եւ կամքի դրսեւորման արդիւնքով հայութիւնը փաստեց իր ներկայութիւնը աշխարհի ամենամեծ եւ ամենահին բեդի բեմին վրայ: Բացի այդ հայ երիտասարդները հանդէս եկան ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ արաբական երգերով եւ պարերով, ինչը արժանացաւ արաբ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին եւ այդ մէկը ամենավառ ապացոյցն է, որ հայութիւնը հակառակ իր կրած բոլոր վնասներուն իր դիրքը չէ զիջած որպէս քաղաքին դիմագիծը գեղեցկացնող փոքրամասնութիւն:


-Ինչպէս գիտենք, դուք ալ որպէս երաժիշտ, եւ ՀԲԸՄի «Կոմիտաս» սենեկային խումբի անդամ ձեր մասակցութիւնը բերած էիք այդ հանդիսութեան: Ի՞նչ ապրումներ ունեցաք, ի՞նչպիսին էր հանդիսատեսի տպաւորութիւնը, յայտագրի որ բաժինն էր ամենազդեցիքը, այնտեղ տիրող մթնոլրտի մասին քանի մը խօսք կրնաք ըսել մեր ընթերցողներուն:

Նախքան որպէս համերգի մասնակից  ունեցած ապրումներս փոխանցելը, կ'ուզեմ իբր հալէպցի արտայայտուիլ: Երկար տարիներ, երբ քանի մը քիլոմեթր հեռուէն սրտաճմլուած կը դիտէինք Հալէպի բերդը, կը մտածէինք արդեօք պիտի կարենա՞նք օր մը դարձեալ հոն ըլլալ, քալել անոր հազարամեայ թաղերուն մէջ, զգալ անոր վեհութիւնը, հոն ամբարուած դարերու հոտը եւայլն, կարծեմ երէկ այդ պատմական ելոյթը որ տեղի ունեցաւ բերդին մէջ մեր սպասելիքներու պատասխանն էր, որ եղաւ ամելաւ եւ ամենաուրախ ձեւով: Իսկ գալով  իբր երաժիշտ իմ բերած մասնակցութեան, անշուշտ որ մեծ ուրախութիւն էր այդ պահը, աներեւակայելի նոյնիսկ, դժուար թէ կարենամ  բառերու մէջ ամփոփել ունեցած ապրումներս,  իսկապէս երազ մըն էր որ իրականացաւ, մանաւանդ երբ որպէս երիտասարդ երաժիշտ ինքնաշխատութեամբ դիրքի մը հասնելէ ետք, սիմֆոնիք խումբին մէջ մասնակցութիւն բերելու առիթ կ'ունենաս, այն ալ պատմական եւ մեզի շատ հարազատ Հալէպի բերդին մէջ:

Ընդհանուր առմամբ յուզախառն մթնոլորտ կը տիրէր, նաեւ հպարտութեան եւ յաղթանակի զգացում կար անշուշտ հանդիսատեսի մօտ: Ամենայուզիչ պահը պատերազմին տեսողութիւնը կորսնցուցած սուրիացի զինուորին սրտի խօսքն էր, ան պատմեց թէ ինչպէս Հարասթայի մէջ իր ծառայութեան ժամանակ պայթումներու պատճառով վիրաւորուած իրենց ընկերոջ գետնէն հանելու պահուն, նոյն վայրկեանին ուրիշ պայթում մը կ'ըլլայ եւ ինք գետին կը փռուի, եւ այդ միջադէպի յաջորդ յիշողութիւնը որ ունի, մօր ձեռքերուն մէջ ուշքի գալն է. ան պատմեց, թէ ինչպէս մօրմէն խնդրած է սենեակին լոյսը բանալ քանի որ չի կրնար տեսնել մօր դէմքը, եւ այդ ժամանակ նոր գիտակցած է որ ինք տեսողութիւնը կորսնցուցած է, ամիսներով ընկճուած եւ մեկուսացած ապրած է, տունէն չէ ուզած դուրս գալ, եւ միայն Հալէպի մէջ եղած յաղթանակէն ետք, տեսնելով, որ իր նման վիրաւորուած ընկերներուն եւ նահատակներուն արիւնը պարապի չէ թափուած, որ իրենց զոհողութիւնը յաղթանակի վերածուած է, իր մէջ կեանքը գոյատեւելու ուժ գտած է: