image
Հրատապ լուրեր:

«Ամէն Ապրիլ 24-ին ահաբեկիչները դժոխքի կը վերածէին Հալէպի հայաշատ թաղամասերը» Տէր Զօր ծառայող զինուորի մայր

«Ամէն      Ապրիլ 24-ին    ահաբեկիչները  դժոխքի կը վերածէին  Հալէպի  հայաշատ թաղամասերը» Տէր  Զօր  ծառայող  զինուորի  մայր

 «Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ  Սուրիոյ  բանակի  հայ զինծառայող Դրո  Մղամէզի  մայր ՝ Մարի  Գազանճեանը, որ   պայմաններու բերումով  ներկայիս  կը գտնուի    Գանատայի Թորոնթօ    քաղաքին մէջ:  Նշենք,  որ Դրոն    Սուրիոյ բանակին  մէջ   զինուորագրուած էր       տարիներ  առաջ  եւ ներկայիս իր ծառայութիւնը կը շարունակէ  Տէր Զօրի մէջ:

 «Արեւելք»  աւելի  վաղ եւ յատկապէս  Տէր Զօրի   ազատագրման  օրերուն   կարճ լրատուութիւն մը կատարած էր   հայ զինուորին  մասին    եւ    այս  օրերուն ալ պատեհ   առիթը  ներկայացաւ  զրուցելու անոր մօտ հետ:

 

 

-Ինչպէ՞ս   հասաք    Գանատա եւ ինչ  տեղեկութիւններ ունիք  Դրոյին մասին:

Նախքան պատերազմին սկսիլը Դրոն   միացած էր  բանակին   եւ   ծառայած ու աւարտած էր  իր զինուորական  պարտականութիւնը:Պատերազմի  սկսելուն հետ      զինք  որպէս  պահեստային զինուոր   ծառայութեան  կանչեցին եւ արդէն   եօթ տարիէ  ի վեր  կը ծառայէ: Սկզբնական շրջանին ամէն կերպ կը մերժէինք հեռանալ Հալէպէն, որովհետեւ նախ Հալէպը շատ կը սիրենք եւ չէինք ուզեր ձգել, երկրորդ որ տղաս հոն կը ծառայէր եւ առանց իրեն չէինք ուզեր փախիլ:

Մեր տունը Սուլայմանիէ թաղամասն էր, շրջան մը   շատ վտանգաւոր դարձաւ այդ թաղամասը, մեր շէնքին վտայ հրթիռ ինկաւ, խոհանոցիս պատերը փուլ եկան, մեր դրացին նահատակուեցաւ,  ու հակառակ   այդ բոլորին չէինք ուզեր ձգել Հալէպը: Մինչեւ օրս մտքիս   մէջ տպաւորուած է, թէ ինչպէս իրենք  զիրենք  ընդդիմադիր կոչած  ահաբեկիչները ամէն Ապրիլ 24-ին դժոխքի   կը վերածէին Հալէպի հայկական   թաղամասերը:Ամէն  բան մեր աչքը առած էինք,  բայց   Դրոն  անհանգիստ էր ու շատ  կ'ուզէր, որ մենք  հեռանայինք Հալէպէն: Պարբերաբար ազգականի մը  տունը  կ'երթայինք,  կը մնայինք մինչեւ հանդարտէր, եւ այսպէս հինգ տարի դիմացանք, բայց զինուոր տղաս՝ Դրոն, միշտ կը կը համոզէր որ երթանք ապահով երկիր, կ'ըսէր ձեր կեանքը վտանգուած է, դուրս եկէք Հալէպէն, ինծի մի սպասէք, ես ապահով եմ եւ այդպէս իր պնդումներով Պէյրութ գացինք:

Այդ ընթացքին Գանատայի քոյրս, որ երկար տարիներէ ի վեր   Թորոնթօ   հաստատուած  է , ըսաւ ձեր թուղթերը պատրաստեմ, մինչ այդ Դրոն  ալ ծառայութիւնը աւարտած կ'ըլլայ, միասին կու գաք, բայց մեր թուղթերը եղան, դեռ Դրոն  կը ծառայէր. առաջին բժշկական քննութեան չգացինք, որպէսզի ժամանակ շահինք, բայց երբ երկրորդ անգամ կանչեցին, կ'ըսուէր որ այլ առիթ չեն տար չներկայացողներուն, տղուս՝ Դրոյին պնդմամբ գացինք եւ այսպիսով Գանատա հասանք: Տղաս դեռ կը ծառայէ, հիմա   զինք  կը սպասենք, եթէ բանակէն ազատելէն ետք Հալէպ մնայ, մենք ալ ետ Հալէպ պիտի  դառնանք:

-Հիմա ի՞նչ լուր ունիք   Դրոյէն,  կը խօսի՞ք  իր հետ, ի՞նչ կը պատմէ:

  Ինչպէս  ըսի  Դրոն  ներկայիս կը ծառայէ Տէր Զօրի  ներքին անվտանգութեան գրասենեակին մէջ:   Յաճախ  կը խօսինք իր հետ, կապի մէջ ենք,  ինք այնտեղ պատասխանատու դիրքի վրայ է, որովհետեւ ուսեալ է, փաստաբանութիւն կ'ուսանէր:

Կը պատմէ, որ Տէր Զօր հիմա հանդարտ է, բայց անկէ առաջ երեք տարի պաշարուած էր, ոչ ուտելիք ունէին, ոչ ջուր, ոչ հոսանք, ամէն ինչ շատ սուղ էր, դրամը չէր բաւեր:  Սկիզբի  շրջանին  մենք ալ  կ'օգնէինք իրեն, մինչեւ որ     ամուսինս ստիպուած   եղաւ  իր  խանութը  փակել եւ  եօթ տարուան  ընթացքին մեր    վաստակածը  գրեթէ   ծախսեցինք:

-Ի՞նչի խանութ ունէր ձեր ամուսինը:

Ամուսինս կօշիկի խանութ ունէր, «Հենրի շուզ»ը, հոն ալ հրթիռ ինկաւ   բոլոր ապակիները կտրուեցան, նայլոններով փակեցինք դուռը, ցուցափեղկը եւ այդպէս ձգեցինք, եկանք. հիմա փակ է:

-Մտադիր է՞ք Հալէպ վերադառնալ:

Կ'ուզենք Հալէպ երթալ, բայց կը վախնանք,  որ փախստականի   մեր  վաւերաթուղթերը անվաւեր ճանչցուին  եւ ետ չկարենանք վերադառնալ:  Բայց տղաս եթէ ծառայութիւնը աւարտէ եւ Հալէպ որոշէ մնալ, անպայման պիտի վերադառնանք:

-Դրոն  ի՞նչ կ'ըսէ, երբ պիտի վերջացնէ զինուրական ծառայութիւնը:

Ինք եօթ տարի է պահեստային զինուոր է, հիմա կ'ըսուի անոնք որոնք իր նման երկար տարիներ ծառայած են, ազատ պիտի արձակուին, յոյսով ենք որ շուտով կ'աւարտէիր ծառայութիւնը,  բայց յստակ թուական չկայ:

Կաղանդին եւ Զատիկին արձակուրդով Հալէպ իջած էր քանի մը շաբաթ, իր   պատասխանատուները  զինք շատ կը  յարգեն  ու կը  վստահին անոր , որովհետեւ       տուած    խօսումը  կը յարգէ:Ընկերներ ուներ, որոնց մեծ մասը արձակուրդի ժամանակ  փախուստ   տուին, անոնցմէ ոմանք սպաննուեցան, ոմանք ալ բանտարկուեցան:

-Տէր Զօրի մէջ ծառայող ուրիշ հայ զինուորներ կա՞ն:

  Այսօր Տէր Զօրի մէջ հայութիւն չկայ: Իսկ զինուորներու  պարագային  այո  կան,  անոնք  Հալէպէն    հոն ծառայութեան կոչուած տղաք  էին, որոնք վտանգաւոր դիրքերու վրայ կը ծառայէին:  Յատկապէս Տէր Զօրի   զինուորական օդակայանի   շրջանը   ու   հոն էր, որ   տղաս անոնց   յաճախ  կ'օգնէր, պաշար, հագուստ եւայլն կը հասցընէր: Անոնցմէ մէկը առեւանգուեցաւ    եւ  ուրիշ մըն ալ  զոհուեցաւ: Համեմատած  մօտիկ անցեալին  այսօր Դրոյին ծառայած   վայրը  տանելի է  ու ապահով:

-Գանատայի    ձեր շրջապատին մէջ հայեր կա՞ն:

Մենք ինչպէս ըսի Թորոնթօ կը մնանք, մեր  ապրած  շրջանին մէջ    մեծ  է հայերուն   թիւը:  Խօսքս    նաեւ   սուրիահայերուն  մասին է, որոնց կը  հանդիպինք   յատկապէս  կիրակի   օրերը, երբ  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի կ'երթանք: Ու  հոն  եղողներուն  մէջ  շատ    ծանօթներ  ունինք,   ծանօթ  դէմքեր, որոնք  մեզի պէս  Սուրիոյ        ծանր   դէպքերուն  հետեւանքով այս հեռաւոր  ափերը հասան:  

-Գանատա հաստատուած սուրիահայութիւնը գո՞հ  է    այդ  երկրի պայմաններէն:

Մեր միակ դժգոհութիւնը  կլիման  է, այստեղ շատ  ցուրտ  է  եւ ձմեռը անտանելի երկար է: Այստեղ ես ու ամուսինս դպրոց կ'երթանք, լեզու սորվելու, տղաս ու աղջիկս ալ Տուպայ էին, 8 ամիս է արդէն մեր հետ են, իրենք ալ դպրոց կը յաճախեն, հակառակ որ վկայական ունին, բայց դեռ չեն աշխատիր: Այսինքն մեր միակ դժգոհութիւնը ցուրտն է, այլապէս քաղաքը շատ գեղեցիկ  է եւ մենք հանգիստ ենք: Եթէ Դրոն  զինուորութիւնը աւարտելէն ետք ուզէ Գանատա գալ, մենք ալ Գանատա կը մնանք մեր զաւակներուն սիրոյն, այլապէս անպայման   Հալէպ պիտի վերադառնանք: Մեզի համար Հալէպը անփոխարինելի   տեղ է,  ի վերջոյ մեր ծննդավայրն է: