image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ պայթում Հալէպի «Ժապալ Ազան» շրջանին մէջ. Կան հակասական տեղեկութիւններ

Մեծ  պայթում Հալէպի  «Ժապալ Ազան»  շրջանին մէջ. Կան  հակասական տեղեկութիւններ

 Հզօր պայթում մը որոտացած է Հալէպի  գիւղական   շրջան համարուող  «Ալ Ազան»   լեռնային    հատուածին մէջ:

  «Սուրիական դիտարան» ընդդիմադիր կայքին  փոխանցմամբ    պայթումը  արդիւնք է  օդային հարուածի  մը: Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ այդ  շրջանը կը համարուի   լիբանանեան «Հըզպալլա»   կուսակցութեան  եւ Սուրիոյ  մէջ տեղակայուած  իրանեան  ջոկատներու  կարեւոր կեդրոնատեղի մը:

 Մինչեւ այս  լուրին գրուիլը  դէպքին հետեւանքով  գրանցուած  մարդկային կորուստներուն մասին լուր չի  հաղորդուիր:

Իր կարգին  «Ալ  Մայատին» կայանը, որ կը համարուի Սուրիոյ կառավարութեան մօտիկ  աղբիւր մը հերքած է       պայթումին մասին բոլոր լուրերը   զանոնք  համարելով իրականութեան հետ առնչութիւն  չունեցող լուրեր: