image
Հրատապ լուրեր:

«Այսօր հալէպցիներու հիմնական մտահոգութիւնը օրապահիկի հարցը լուծելն է» Հալէպահայ Յովհաննէս Մանսուրեան

«Այսօր հալէպցիներու հիմնական մտահոգութիւնը օրապահիկի հարցը   լուծելն է» Հալէպահայ  Յովհաննէս Մանսուրեան

Մինչ այս  օրերուն Սուրիոյ  տագնապը կը շարունակէ  միջազգային մամուլի կողմէ յատուկ ուշադրութեան արժանանալ, անդին անցեալ յունուարին ահաբեկիչ զինեալներու ճիրաններէն ազատագրուած Հալէպը կը շարունակէ  դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով  ոտքի կանգնելու փորձեր ընել:

Հալէպը, որ յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի բռնկումէն ասդին դարձաւ ամբողջ  հայութեան ուշադրութեան  կեդրոնը  այսօր ալ կը կարեւորուի, որպէս Միջին Արեւելքի  հայութեան համար  արժէքաւոր  ու տարբեր առումներով ալ մեծ նշանակութիւն ունեցող «Մայր գաղութ»:

 

Ու այս նախանձախնդրութեամբ  զինուած  «Արեւելք»  կը շարունակէ իր ընթերցողներուն ներկայացնել զրոյցներ  հալէպահայ համայնքի հաւաքական կեանքին  մէջ դերակատարութիւն ունեցող հայազգի  նուիրեալներու հետ: Անոնց հետ, որոնք Հալէպը հարուածած  ամէնածանր պատերազմի օրերուն մերժեցին հեռանալ իրենց ծննադավայրէն ու մնացին   պատնէշղի վրայ:

 

Այս զրոյցներու շրջագիծէն ներս «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ հալէպահայ գործիչ Յովհաննէս Մանսուրեանին հետ, որ երկար տարիներէ ի վեր կը կատարէ Հալէպի Հայ Աւետարանական  համայնքի գլխաւոր հաշուեքննիչի պաշտօն:

 

Ստորեւ հարցազրոյցը.-

-Հալէպը  հարուածած պատերազմին  ընթացքին հալէպահայութիւնը բաւական   դժուարութիւններէ անցաւ, սակայն  շուրջ մէկ ու կէս տարիէ ի վեր խաղաղութիւնը ամբողջութեամբ հաստատուած է եւ հայութիւնը անշուշտ աւելի ապահով պայմաններու տակ կ'ապրի, սակայն ասոր կողքին կան նաեւ  խնդիրներ, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք այդ մասին, ի՞նչ կրնաք ըսել մեր ընթերցողներուն:

 Այսօր  «Մայր գաղութ»  Հալէպի մէջ      ապրող հայորդիներուն    հիմնական մտահոգութիւնը օրապահիկը ապահովելն  է: Հալէպի ժողովուրդի կողքին եթէ երեք յարանուանութիւնները, միութիւնները եւ բարեսիրական հաստատութիւններ չըլլան, անոնց վիճակը շատ աւելի ծանր  եւ լուրջ պիտի ըլլար: Այսօր Հալէպի մէջ միջին ընտանիքի մը ամսական նուազագոյն կարիքը հոգալու համար, այսինքն միայն  օրապահիկը եւ կարեւոր պարագաները ապահովելու համար նուազագոյն 100 հազար սուրիականի կը կարօտի:


-Գիտենք որ Գործատեղիներ ունեցող հալէպահայեր պատկան մարմիններուն, շտապին եաւայլն դիմումներ կը գրեն, որպէսզի իրենց հաստատութիւնները, խանութները վերանորոգուին, այդ նպատակով դրամական օժանդակութիւն կը տրուի՞ մեր հայրենակիցներուն, տեղեկութիւն ունի՞ս այս իմաստով:

Գործատէրերու պարագային,  Հալէպի «Շտապ Օգնութեան»  մարմինը  իր կարելիութեան սահմաններէն ներս բոլոր դիմողներուն օգտակար կը դառնայ եւ սահմանուած կարգի համաձայն կ'օգնէ ամէնուն առանց  որեւէ խտրութեան:


- Տեսնելով Հալէպի մէջ հաստատուած խաղաղութիւնը, յոյսեր կան որ տարբեր տեղեր մեկնած հալէպահայեր վերադառնան իրենց ծննդավայրը:

Գաղթողներէն արդէն բաւական ընտանիքներ վերադարձած են, իսկ մնացածը արդէն իւրաքանչիւրը իր անձնական պարագան ունի, թերեւս դեռ վերադարձողներ  ալ ըլլան: