image

«Ցնցող փաստեր» սուրիական անձնագրին մասին

«Ցնցող փաստեր» սուրիական անձնագրին մասին

Անձնագիր («Բասբորթ») ստանալու արժէքը կը տարբերի մէկ երկրէն միւսը , անոնցմէ ոմանց արժէքը կը գերազանցէ 200 ամերիկեան տոլլարը, իսկ ուրիշներու արժէքը՝ 50 ամերիկեան տոլարէն նուազ են:

Այս մասին հաաղորդող լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը նաեւ կը գրէ, որ «Braskt»ի համաձայնութիւններու զուգահեռ, Բրիտանական անձնագիր ստանալու արժէքը բարձրացած է հասնելով 85 ֆունթ սդերլինի (մօտ 120 տոլլար):

Այս ծիրէն ներս «Telegraph» կայքը հրապարակած է աշխարհի ամենասուղ անձնագրերու ցանկը, որոնց համաձայն առաջին տեղը կը գրաւէ Սուրիան, որու անձնագրի արժէքը 403.9 ամերիկեան տոլլար է, որմէ ետք հերթականութեամբ Աւստրալիան՝ 221.8, Թուրքիան՝ 201.1, Զուիցերիան՝ 143.6 եւ Նիւզիլանտան՝ 132.3 ամերիկեան տոլլար: