image

Ռաֆֆի Հէրմոն Արաքս. «Փէրէչիքի Հարցով Զբաղուիլը Ժամավաճառութիւն Էր»

Ռաֆֆի Հէրմոն Արաքս. «Փէրէչիքի Հարցով Զբաղուիլը  Ժամավաճառութիւն Էր»

«Սփիւռքահայութիւնը, այսպէս ասած նախօրօք երեւացող գիւղին, թող ի զուր տեղը առաջնորդ չփնտռէ»  «Արեւելք»ին ըսաւ   Պոլսահայ լրագրող  Ռաֆֆի  Հերմոն Արաքս: Ան մասնաւորապէս  խօսելով  Եւրոպական  Մարդկային իրաւանց դատարանին կողմէ   Տողու Փերինչէքի դատավարութեան   մասին ըսաւ «Սառը պատերազմի ժամանակ Թուրքիան արեւմուտքի մանաւանդ  արեւմտեան պետութիւններու օլիկարխիք  ղեկավարներու  համար «իրենց վրայ գալիք փորձանքները վանող, փոխանակ իրենց վնաս հասցընելու, վնասները իր վրայ վերցնող վահան մըն էր, արգելք մըն էր, պահակ մըն էր»: Անոր կարծիքով  այսօրուան իրավիճակը եւս նոյնն է ,« Երէկ Թուրքիան արեւմուտքը կը պահպանէր «համայնավարական սատանայէն», իսկ այսօր նոյն Թուրքիան արեւմուտքը  կը  պաշտպանէ Արեւելքէն  եկող իսլամական եւ յետոյ ալ, փախստականներու փորձանքէն»:  Ըստ  Ռաֆֆի  Հերմոն Արաքսի «Սառն պատերազմի ժամանակ արեւմուտքը  հանուն իր պահակը զինելու սիրոյն, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մարդկային անիրաւութիւններու մասին պատեհապաշտութիւն կ'ընէր ու աչք կը փակէր, սակայն այսօր, ի տարբերութիւն երեկուան, հակառակ դարձեալ աչքերը փակելու, բացէ ի բաց կ'ըսէ ատոր մասին: Արեւմուտքը բացէ ի բաց անամօթաբար կը յայտարարէ, թէ ինքը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մարդկային ու նման խայտառակութիւններուն ստիպուած աչք պիտի փակէ: Ուրեմն այս պայմաններու մէջ ելլել ու որեւէ վաստկելու շանս գոյութիւն չունեցող, օրինակ Փերինչէքի դատավարութիւնը, դատեր բանալու  խայտարակուելու պէտք չունի: Լեւոն ՏէրՊետրոսեան նախագահը՝ Թուրքիոյ  հետ  յարաբերութիւններու մասին  խօսելով   ըսած էր հետեւեալը «Հայկական հարցը մինչեւ որ միջազգայինօրէն, իրաւական եւ դիւանագիտական ամուր հիմքերի վրայ չհիմնուի, միջազգային դաշտի վրայ պէտք չէ փոխանցել, հայկական հարցը մինչեւ որ անժխտելի, հիմնական, իր օրինական, դիւանագիտական պայմանները չունենայ, չմիջազգայնացնել, քանի որ, նման քայլեր օգուտ չեն տար, այլ պարզապէս  կը վնասեն մեզի:Ուրեմն ի հարկէ միջազգային գետնի վրայ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի եօթը դատաւոր, որպէս առաջին անգամ բացէ ի բաց անժխտելիօրէն խօսած են հայկական ցեղասպանութեան մասին: Ի հարկէ, որ սա իրաւական գետնի վրայ առնուած    դրական քայլ է, բայց ելած մեծ աղմուկի փոխարէն  արժէ՞ որ միւս կողմէն ալ Փերինչէքի պէս առաջուընէ   արդիւնքը  յայտնի դատավարութեան հետ զբաղիլ.. իմ կարծիքով օգուտ չի բերեր մեր ժողովուրդին այլ միայն  վնաս»