image

Հալէպի Մէջ Օրական Մէկ Ժամով Ջուր Եւ Ելեքդրականութիւն Կը Մատակարարուի

Հալէպի  Մէջ Օրական  Մէկ Ժամով   Ջուր  Եւ Ելեքդրականութիւն  Կը Մատակարարուի

 Սուրիա-  Հալէպի       մէջ  ելեքդրականութեան եւ ջուրի   մատակարարումը     բարելաւուած է: Այս  մասին «Արեւելք»  իմացաւ  Հալէպի իր աղբիւրներէն: Մեր  աղբիւրը նաեւ   նշեց, որ  վերջին      օրերուն  Հալէպի     հայկական շրջանները  եւ օրական մէկ ժամ ելեքդրական հոսանք կը ստանան: Նոյնը կարելի է ըսել   կապուած  ջուրի մատակարարման  խնդրին:   Մեր  աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  Հալէպի     հայկական շրջանակներուն  մօտ   ընդհանուր լաւատեսական մթնոլորտ մը կը տիրէ  կապուած    ՝ ահաբեկիչ զինեալներուն  դէմ   իրականացուող զինուորական գործողութիւններուն, որոնք կարեւոր  թափ   առին   յատկապէս  ռուսական  զօրքերուն միջամտութիւնէն   ասդին: