image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին զարգացումները վտանգաւոր եւ մտահոգիչ են. Հրայր Ակիլեան

Վերջին զարգացումները վտանգաւոր եւ մտահոգիչ են. Հրայր Ակիլեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ    Երեւան հաստատուած հալէպահայ  գործիչ   Հրայր Ակիլեանը:


-Աֆրինէն վերջ Հալէպին ինչ որ վտանգ կը սպառնա՞յ:

 

-Դժբախտաբար   առկայ է  այդ վտանգը: Շատ պարզ է, այսօր թուրքերը մինչեւ «Անատան» հասան եւ դիւանագիտութեան մէջ վստահութեան հարց չկայ, անոր համար իմ կարծիքով ամէն ինչ   ալ սպասելի է: Չեմ ըսեր, որ հարիւր տոկոս վտանգ կը սպառնայ Հալէպին, բայց վտանգի պարագային նոյնիսկ  1 տոկոսը արդէն վտանգ  կը բերէ:

Իմ կարծիքով վտանգաւոր խաղ կ'երթայ,  ահա այսօր Աֆրին մտան, Աֆրինը Իսքնատրաունին  (Աղէքսանտրէթ) կցեցին եւ հոնկէ չելլեր այլեւս Թուրքիան, վերը՝ Ազէզէն մինչեւ Մընպուճի շրջանն ալ ալ իրեն է, այսպիսով ամէնը մէկ կտոր իրար միացուցած կ'ըլլայ:

Միջազգային օրէնքներով, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ սահման մը կայ, բայց  երբ Թուրքիան սուրիական հողեր  մտաւ, այլեւս դիմացը բաց է, սահման չկայ:

Ինչո՞ւ այսօր բոլոր ահաբեկիչները Սուրիան կը հաւաքէ Իտլիպ կը ղրկէ, այս ալ գաղտնիք մըն է, որովհետեւ Իտլիպը Իսքանտարունին կապուած է, հիմա Աֆրինի միջոցաւ ալ Թուրքիոյ կապուեցաւ, այդ շրջանը՝ Աֆրինը, Իտլիպը կցեցին, Թուրքիոյ եղաւ: Հիմա չենք գիտեր յաջորդ քայլը  ինչ է, այնքան անակնկալ զարգացումներ եղան, որ այլեւս վստահութիւն չկայ: Ամէն պարագայի ես յոռետես եմ:

 

-Իսկ Ձեր կարծիքով քիւրտերը չե՞ն դիմադրեր, Աֆրինը դարձեալ չե՞ն ազատագրեր:

 

-Քիւրտերու հարցը վերջացած է Աֆրինի մէջ, քիւրտերը այլեւս Աֆրին չեն դառնար, Աֆրինի երեսը չեն տեսներ, 150-200 տարի յետոյ ինչ կ'ըլլայ չենք գիտեր, ինչպէս որ 1935-ին Իսքանտարունը տուին եւ ալ չդարձաւ: Ես ամէն գիշեր Թուրքիոյ կարեւոր կայաններէն կարեւոր միջազգային լուրերուն կը հետեւիմ, ինչ որ կը կարդամ ես իրենց խօսակցութենէն կը կարդամ, քովէս չեմ հաներ:


-Իսկ Հալէպի համայնքը ի՞նչ պէտք է ընէ քու կարծիքովդ:

 

-Չեմ գիտեր, ես չեմ կրնար որոշել, այդտեղ կուսակցութիւններ կան, ազգային մարմիններ կան, իրենք պիտի որոշեն թէ ինչ պիտի ընեն:


-Իսկ Հալէպի համայնքի ապագային մասին ի՞նչ կարծիք ունիք:

 

-2011-էն առաջ Հալէպի մէջ 50 հազար հայ կ'ապրէր ,չէ՞,  այսօր 10-12 հազարը կանցնի՞ն , ուրեմն 75 տոկոսը արդէն հեռացած է, որոնց մէջէն դարձողները մի քանի ընտանիք Հայաստանէն եւ մի քանի ընտանիք ալ Լիբանանէն կրնան ըլլալ, բայց մնացած մեծամասնութիւնը, որ Ամերիկա, Գանատա, Շուէտ, Աւստրալիա, Գերմանիա հասան, անոնք անկարելի է դառնան, Հայաստանի մէջ ալ գործ ընողները կամ օրապահիկը հանողը չի դառնար, դարձող հազիւ մի քանի ընտանիք կ'ըլլայ, ի՞նչ եղաւ ուրեմն, Հալէպը դժբախտաբար դարձաւ պզտիկ ճղճիմ տկար գաղութ մը, վնասչ ունի, գաղութը պահելը ճիշդ է, ես դէմ չեմ, բայց՝ խելքով, երբ որ վտանգը կը տեսնես կու գայ, այդ վտանգին դէմը պիտի առնես:

Ամէն պարագայի ես մութ կը տեսնեմ ապագան, անցեալ տարի, 15 ամիս առաջ, երբ Հալէպը ազատագրեցին, բոլորս ուրախացանք, կարծեցինք ամէն ինչ լուծուեցաւ, յաղթեցինք, ահա հիմա նոր սցենար մը  ելաւ մէջտեղը, որ  «թրքական  գործօն»ն է: