image

Դամասկոս. Հրթիռները սեւով պատեցին «Մայրերու տօն»ը

Դամասկոս. Հրթիռները սեւով պատեցին «Մայրերու տօն»ը

Շարք մը Սուրիացի կիներ աղէտի մատնուեցան Մայրերու տօնի նախօրէին, որ կը համընկնէր 21 մարտին, երբ Դամասկոսի ծայրամասը գտնուող Ճարամանայի խճողուած շուկային վրայ  հրթիռ ինկաւ:

 

Այս մասին հաղորդող «Lebanon 24»ը, նաեւ կը նշէ, որ ռումբը ինկած է Քաշքուլ թաղամասի շուկային վրայ, որ յայտնի է իր բազմատեսակ խանութներով, յարմար գիներով եւ մարդաշատութեամբ:

 

Դամասկոսի հիւանդանոցի գետնայարկը արտակարգ իրավիճակներու կէտի վերածուած էր, ուր մեծ թիւով բժիշկներ հաւաքուած էին՝ բուժելու տասնեակ վիրաւորները:

 

Հիւանդանոցէն ներս Իլհամը, գլուխը ծեծելով, վիշտէն սպառած, կ'ողբար երիտասարդ աղջկան կորուստը, որ սպաննուած էր շուկային վրայ ինկած հրթիռին պատճառով, մօր համար մայրերու տօնի առթիւ նուէր գնելու ժամանակ:

 

Նշենք, որ Իլհամին աղջիկը սպաննուած էր այլ 34 անձերու կողքին, որոնց մեծամասնութիւնը քաղաքայիններ՝ Արեւելեան Ղութային մէջ գտնուող ահաբեկիչներու կողմէ արձակուած հրթիռի պատճառով:

 

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ Ըմ Հիշամի պարագան, որ իր տղուն եւ աղջկան հետ շուկայ իջած էր, երբ հրթիռը ինկած էր, պատճառ դառնալով ոտքի անդամահատման եւ ան իր երեխաներու մասին ոչինչ գիտէր: