image

Աֆրինէն ետք... այս է Էրտողանի ձգտումներու քարտէզը

Աֆրինէն ետք... այս է Էրտողանի ձգտումներու քարտէզը

Վերլուածական նիւթ մը հրապարակելով «Lebanon 24» կայքը կը գրէ, որ Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ կատարած «միջամտութիւն»ը պէտք է համարել  առաջին փուլը՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը ընդլայնելու վերաբերեալ:

 

Կայքը նկատել կու տայ նաեւ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութիւնը կը պահանջէ իր սահմանին մօտ գտնուող սուրիական եւ իրաքեան ամբողջ տարածքներու վրայ Անգարայի վերահսկողութիւնը:

 

Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ Աֆրինի մէջ ռազմական գործողութիւնը ճանապարհ հարթեց 400 քիլոմեթրի վրայ՝ դէպի Գամիշլիի արեւելքը տարածուող շրջաններու մէջ ռազմական գործողութիւններ շարունակելու իմաստով ու այդ առումով իրենց (թուրքերուն) յաջորդ թիրախներն են Մընպէճը, Արաբունարը, Թալ Ապիատը եւ Ռաս ուլ այնը:

 

Էրտողանի նկրտումները Սուրիոյ սահմանին մօտ չեն  կանգնիր  եւ ան  խօսած է նաեւ թրքական զօրքերու Իրաքի հիւսիսը գտնուուղ Սինճար նահանգը մտնելու մասին, թիրախ ունենալով Իրաքի այդ հատուածներուն մէջ տեղակայուած PKK-ի դիրքերը: