image

«Մէկ խօսքով ամերիկացիք «ծախեցին» Աֆրինի քիւրտերը». Հալէպահայ բժիշկ

«Մէկ  խօսքով ամերիկացիք «ծախեցին» Աֆրինի քիւրտերը». Հալէպահայ բժիշկ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Արաբունար  (Քոպանի)   բժշկական ծառայութիւն կատարող    հալէպահայ  բժիշկ  Աբիկ  Գարակիւլէեանը:

  

-Յարգելի   բժիշկ  ինչպիսի՞ն  է իրավիճակը   Քոպանիի մէջ:

-Բան մը չկայ, նորմալ է, ոչ մէկ արտակարգ երեւոյթ, ժողովուրդի վիճակը նոյնն է  եւ ամէն  ինչ  խաղաղ  հունով կ'ընթանայ:


-Օրերս  Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ եթէ դէպքերը շարունակուին իրենք մտադիր են մինչեւ Գամիշլի, Ռաս ուլ Այն, Քոպանի մտնել, այդ մասին ի՞նչ կ'ըսէք:


-Մեր մօտ, Քոպանիի մէջ ամերիկեան զօրքեր  կան, ինչպէ՞ս պիտի մտնէ Թուրքիան: Այստեղ ԱՄՆ զօրք ունի, օդակայան ունի, Թուրքիա այստեղ կրնայ մտնել միայն, եթէ ամերիկացիները թոյլ տան որ մտնէ: Սակայն իմ կարծիքով, այդ մէկը ակնկալելի չէ, որովհետեւ ԱՄՆ Թուրքիոյ նոյնիսկ Մընպէճ չձգեց եւ չուզեր որ մտնէ, օրինակ, երբ երկու օր առաջ Աֆրին մտան թուրքերը, հոսկէ՝ Քոպանիէն   մեծաթիւ ամերիկեան զօրքեր Մընպէճ մտան, մինչ այդ քաղաքին մէջ ամերիկեան զօրքեր չկային: Եւ այդ   պատճառով ալ  չեմ կարծեր, որ Ամերիկան թոյլ տայ, որ  թուրքերը  այդ քայլին երթան: Իմ    կարծիքով,  եթէ այս շրջանը ԱՄՆ-ի ձեռքէն երթայ, Ամերիկային բան մը չի մնար Սուրիոյ մէջ, այլ կերպ ըսած,  «կարկանդակ»էն ամերիկացիներուն համար կտոր մը չի մնար:


-Ի՞նչ կը կարծէք, Աֆրինէն ետք դէպքերը ինչպէ՞ս կրնան զարգանալ:

 

-Իմ կարծիքով եղածը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութիւն էր: Ռուսները Ղութան առին, Աֆրինը տուին Թուրքիոյ: Անոնց միջեւ ինչ համաձայնութեան եղած է չենք գիտեր: Նկատելի է, որ ռուսները Աֆրինի այս վերջին դէպքերուն կապուած ձայն չհանեցին, ահագին զօրքեր ունէին Աֆրինի մէջ, քաշեցին, որ Թուրքիան մտնէ, այս մէկը կը նշանակէ, որ Ռուսիան համաձայն էր, որ Թուրքիան Աֆրին մտնէ, իսկ Աֆրինի մէջ ամերիկեան ազդեցութիւնը շատ քիչ էր, Ամերիկան չէր կրնար հոն հասնիլ:


-Իսկ Քոպանիի մէջ հայերու վերադարձ նկատելի՞ է:

 

-Քոպանիի մէջ արդէն հայեր չկային, անոնք, որոնք այստեղ գործ ունէին՝ 5-6 հոգի, վերադարձան, բայց ընտանիքներ չկային Արաբունարի մէջ, անոնք շատոնց Հալէպ տեղափոխուած են:

Ճիշդ է որ քիւրտերը մինչեւ հիմա կ'ուզեն որ հայերը վերադառնան: Հիմա օրինակ Թէլ Ապիատի մէջ բաւական հայեր կան մօտաւորապէս 10-12 ընտանիք հայկական եկեղեցին նորոգեցին եւ այլն:


-Իսկ Ռաքքայէն նորութիւն մը ունի՞ք:

 

-Ռաքքայի մէջ հիմա վերաբնակեցում չկայ, որովհետեւ Ռաքքայի 90 առ հարիւրը արդէն փլատակ է, ոչնչացած  եւ մարդիկ կը վախնան վերադառնալու, որովհետեւ շատ ականներ կան այնտեղ: Ամերիկացիները  խօսք տուած էին,  ըսելով,  որ  այդ ականները  պիտի մաքրեն, բայց  դեռ չեն մաքրած, ինչ որ ռուսերը ըրին Թատմորի  պարագային: Այնպէս որ Ռաքքան դեռ եղածին պէս է: Ռաքքայի շուրջի գիւղերն են միայն, որ մասամբ վերաբնակեցուեցան:

 

-Ձեր կարծիքով Գամիշլիի վրայ վա՞խ կայ այս առումով:

 

-Ոչ, Թուրքիան Գամիշլիի վրայ չի կրնար յարձակիլ, որովհետեւ սուրիական պետութիւն կայ հոն, սուրիական զօրքերը կան: Թուրքիան Գամիշլի չի կրնար մտնել, բացառուած է: Աֆրինը սակայն բացառուած չէր, Թուրքիան օրէն կ'ըսէր, որ Աֆրին պիտի մտնէ, եւ Աֆրինի ղեկավարութիւնը այդ առումով շատ սխալներ գործեց, այդ պատճառով ալ  անոնք Աֆրինը  «տուին» այսօր:  Սուրիական պետութիւնը ըսաւ քիւրտերուն Աֆրինը մեզի յանձնեցէք, որ մեր զօրքերը մտնեն եւ Թուրքիան չկարենայ յարձակիլ, սակայն քիւրտերը չհամաձայնեցան:

Ուրիշ բան մըն ալ կայ, քիւրտերը երբ ռուսերուն հետ նստեցան խօսելու, համաձայնութեան գալու, ռուսերը անոնց ըսին մենք Աֆրինը կը պաշտպանենք, անոր դիմաց մեզի Տէր Զօրի  նաւթի հորերը պիտի տաք, սակայն Ամերիկան չհամաձայնեցաւ, որ քիւրտերը ռուսներուն տան այդ հանքերը, քիւրտերն ալ ամերիկացիներու հրամանէն դուրս չեն կրնար ելլել, հետեւաբար չտուին եւ Ռուսաստանը  քաշուեցաւ  Աֆրինէն:  Մէկ խօսքով Ամերիկան այս շրջանին մէջ զոհեց քիւրտերը:

Բայց նշեմ, որ ԱՄՆ Եփրատի կողմի քիւրտերուն չի կրնար «ծախել», որովհետեւ Եփրատի արեւելեան մասը պէտք է  իրենց  եւ հոնկէ դուրս չի կրնար ելլել, որովհետեւ շահեր  ունի արեւելեան շրջանին մէջ:


-Իսկ այն քիւրտ  գաղթականները,  որոնք Թէլ Ռըֆհաթի կողմերը հասած են,  վտանգ կը սպառնան  Հալէպին:


-Ոչ, պետութիւնը իրենց չի ձգեր որ ցրուին, հսկողութեան տակ կը պահէ, որպէսզի վերադառնալու հնարաւորութիւնը աւելի մեծ ըլլայ, որովհետեւ եթէ  ցրուին, դժուար կ'ըլլայ վերադարձը: Միւս  կողմէ   Թուրքիան արդէն պատրաստած է բոլոր կեդրոնները, իր մօտ վրաններու տակ եղած արաբները Աֆրին պիտի տեղափոխէ եւ հոն վերաբնակեցնէ: