image
Հրատապ լուրեր:

Լրացաւ 7-րդ տարին . Սուրիոյ պատերազմիաԱրաբ եւ հայ առաջին զոհերը

Լրացաւ 7-րդ տարին . Սուրիոյ պատերազմիաԱրաբ եւ հայ առաջին զոհերը

Սուրիոյ պատերազմի բռնկումէն եօթ տարիներ անց, զոհերու թիւը գերազանցած է կէս միլիոն մեռեալը, յայտնած է մարդու իրաւունքներու Սուրիոյ դիտորդը, նշելով, որ անոնցմէ 350 հազարին ինքնութիւնը յայտնի է, իսկ մնացեալի անունները չենք գիտեր նոյնիսկ:

«Ալ-Արապիա» կայանը ըսած է, որ Սուրիոյ հարցերու մեկնարկման ճշգրիտ օրը յայտնի չէ, ան 2011-ի 15-18 մարտի ընթացքին էր, նշելով, որ այս օրերուն ինկած էր «Սուրիական յեղափոխութեան» առաջին մեռեալը՝ Մահմուտ Քըթայշ ալ-Ժաուապիրան, Տարհայի մէջ, ցոյցերու ժամանակ:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմին առաջին հայ զոհը կը համարուի Վիգէն Հայրապետեանը, որ զոհուեցաւ Հալէպի մէջ, 10 փետրուար 2012-ին: Ան բանակի ծառայութիւնը կը կատարէր եւ զոհ դարձաւ իր գտնուած զօրակայանին մերձ եղած ահաբեկչական պայթումի մը: