image

Յիշելով Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարքը

Յիշելով  Երանաշնորհ  Գարեգին Պատրիարքը

Պոլսոյ  ծխատէր  քահանաններէն Տ. Գրիգոր աւ.քհնյ. Տամատեան  այսօր    մեր պաշտնակից «Ժամանակ»ի մէջ ստորագրած է    Երուսաղէմի    վախճանեալ  Պատրիարքներէն՝ Տ.  Գարեգին արք.  Գազանճեանին  մասին, յօդուածին  շահեկանութեան համար    զայն  ամբողջութեամբ  կը ներկայացնենք     մեր ընթերցողներու  ուշադրութեան:


Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան եւ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեան. Քրիստոսի Եկեղեցւոյ երկու բարձրաստիճան տնտեսները, իրենց երկրաւոր կեանքը կնքեցին Մեծ պահոց ապաշխարութեան սուրբ շրջանին մէջ։

Երանաշնորհ հոգեւոր ծնողիս յիշատակին առջեւ արտասանած սրտի խօսքէս յետոյ ինծի համար քաղցր պարտականութիւն նկատեցի դարձեալ սրտի խօսքով յիշել Գարեգին Պատրիարքը, իր վախճանման քսանամեակին առթիւ։

Երանաշնորհ Պատրիարք Հայր,

Այսօրուան պէս կը յիշեմ Երուսաղէմէն Ձեր ժամանումը Պոլիս, որպէս ընտրեալ Պատրիարք։ Կեանքիս քաղցր անակնկալներէն մին էր Ձեզի հետ ունեցած առաջին հանդիպումս Պատրիարքարանի դիւանի սենեակի դրան առջեւ։ Բնաւ պիտի չմոռնամ երբեք Ձեր քաղցր ժպիտը, որ մխիթարական էր անձնապէս ինծի, ինչպէս նաեւ դիւանի անձնակազմին համար։ Այդ ժպիտին ընդմէջէն զգացի հայրական սիրոյ ողջոյնի մը զգացումը եւ որքան ուրախ եմ, որ այդ զգացումը բնաւ չկորսուեցաւ Ձեր մականին տակ պաշտօնավարութեանս ընթացքին։

Ինծի համար հիացումի առիթ էր Ս. Խաչ Դպրեվանքի յարկին տակ Ձեր ցուցաբերած հովուական կեցուածքը։ Դուք եղած էիք այն տեսուչը, որ անձնական միջոցներով պատուհանները ծածկած, թիթեղեայ վառարաններով ջեռուցման դրութիւն հաստատած եւ ընտանեկան հանգստաւէտ բնակարան ունենալով հանդերձ վարժարանին մէջ բնակած էր իր սաներուն հետ։ Ի զուր չէր, որ Ձեր սաները երբ շնորհաւորական այցելութեան փութացած էին Ձեզի, իրենց ընկերներէն մին ըսած էր. «Եթէ դուք մեզ գլխաւորէիք, մենք բոլորս Ձեզի նման վեղարաւոր հոգեւորական կրնայինք դառնալ»։

Ես չէի ճանչցած Ձեզ։ Երբ ծանօթացայ Ձեզի հետ, Ձեր անձին մէջ տեսայ վստահութիւն ներշնչող անհատականութեան մը ներկայութիւնը։ Համոզուած եմ, թէ այդ անհատականութիւնն էր, որ ապահովեց Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի շրջանին կրօնական, կրթական, բարեսիրական ու ընկերային հաստատութեանց ի նպաստ թափ ստացած նուիրահաւաքման արշաւներու շարունակականութիւնը։ Երիտասարդ ազգայիններ ու իրենց ընտանիքները վայելեցին Ձեր հայրական գուրգուրանքը, դառնալով նորայայտ բարերարներ։ Երանի Ձեզի, որ կրցած էիք գրաւել իրենց սրտերը, եւ երանի անոնց, որ կրցած էին արժեւորել Ձեր բարի կամեցողութիւնը, առանց չարաշահելու զայն։

Կարելի չէր չհիանալ ի տես Ձեր լաւատեսութեան ջիղին։ Գիտէիք նեղացածները մխիթարել, անոնց թելադրելով «անտեսել նեղութիւն պատճառողները եւ նեղութիւնները»։ Գիտէիք ի պահանջել հարկին առանց զգացնելու հարցի մը լուծման ճամբաները որոնել եւ յիրաւի կը յաջողէիք։ Գուցէ լաւատեսութիւնը բոյն դրած էր Ձեր նկարագրին մէջ երբ ի հօրէ որբացած էիք մանուկ հասակին։

Դուք գահակալեցիք միշտ ի մտի ունենալով համայնքի անդորրութիւնը։ Ձեր հով-ւապետական մականը խաղաղեցուց ալեկոծութիւնները։ Գոհութիւն Աստուծոյ, որ հոգեւոր ծնողիս վախճանումէն յետոյ նուաստիս համար մխիթարական յայտնութիւն եղաւ Ձեր ներկայութիւնը Պատրիարքական Աթոռին վրայ եւ այդ ներկայութենէն ունեցանք թանկագին յիշատակներ, որոնք կը մնան անմոռանալի, մանաւանդ Ձեր հայրական խրատներն ու թելադրութիւնները։

Ձեր վախճանման քսանամեակին հաճեցէք ընդունիլ այս սրտի խօսքերը որպէս արտայայտութիւն որդիական ակնածանքի։ Խունկ ու աղօթք Ձեր յիշատակին։ Աստուած Ձեր հոգին լուսաւորէ եւ արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներուն։

 

 

Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան

«Ժամանակ»/ Պոլիս