image

Քրիստոնեաներու դէմ նոր արշա՞ւ. Ալճերիոյ մէջ երկու եկեղեցի փակուած է

Քրիստոնեաներու դէմ նոր արշա՞ւ. Ալճերիոյ մէջ երկու եկեղեցի փակուած է

Անցնող օրերուն Ալճերիոյ իշխանութիւնները որոշում կայացուցած են երկրի արեւմտեան կողմը Ուահրանի մէջ գործող երկու եկեղեցիներու փակման մասին: Այս մասին «Half Post Arabic»ին պատմած է քրիստոնեայ ալժերացի մը, յայտնեով, որ քրիստոնէական սրբավայրերու հանդէպ նման համարձակ քայլը եւ փակումը կոպիտ խախտում է՝ սահմանադրական օրէնքներուն, որոնք կ'երաշխաւորեն ոչ-իսլամի կրօնքի ազատութիւնը:

Անոր համաձայն երկու եկեղեցիներն ալ մաս կը կազմեն Ալժերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ Միութեան, որ պետութեան կողմէ ընդունուած է եւ անոնց փակումը ոտնձգութիւն կը հմարուի քրիստոնէութեան հանդէպ:

 Ալճէրիոյ  Կրօնական հացերու նախարար Մուհամմատ Իսան այս մասին ըսած է, որ Ուահրանի մէջ եկեղեցիներու  հերթաբար՝ 27 փետրուարին եւ 2 մարտին եղած փակումը օրինական որոշում է եւ ոչ թէ ոտնձգութիւն կամ սահմանափակում, ինչպէս շատեր կը պնդեն:

Ան յայտնած է, որ եկեղեցիներու փակման պատճառ հանդիսացած էր եկեղեցիներու ծաւալած գործունէութեան ծիրէն ներս արձանագրուած օրինական խախտումները: