image
Հրատապ լուրեր:

Երախտապարտ ենք Վարդան Ճինիշեանին. Թալին Թոփալաքեան (Լուսանկարներ)

Երախտապարտ ենք Վարդան Ճինիշեանին. Թալին Թոփալաքեան  (Լուսանկարներ)

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Սուրիոյ Մասնաճիւղերու տնօրէնուհի Տիկ. Թալին Թոփալաքեանը, որ իր պաշտօնը ստանձնած էր Սուրիոյ պատերազմի սկիզբին զուգադիպող տարիներուն: Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին՝ վերջերս Երեւանի մէջ կայացած «Ճինիշեան»ի 50-ամեակի պաշտօնական յիշատակումի միջոցառման, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ձեռամբ նախագահական շնորհակալագիր տրուած էր: Այդ մասին եւ ընդհանրապէս «Ճինիշեան» բարեսիրական հաստատութեան երկարամեայ գործունէութեան մասին շահեկան տուեալներ փոխանցեց Տիկ. Թոփալաքեան:


 

-Ինչքան գիտենք, Սուրիոյ տարածքին Ճինիշեան հաստատութեան երեք մասնաճիւղեր կը գործեն: Հակիրճ ձեւով կը ծանօթացնէ՞ք «Ճինիշեան»ի՝ Սուրիոյ մէջ հիմնադրութեան եւ անոր մասնաճիւղերու մասին. ե՞րբ հիմնադրուած է, ի՞նչ նպատակով, գործունէութեան ոլորտը եւ այլն, դուք երբուընէ՞ ներգրաւուած էք հաստատութեան գործերուն մէջ:


-Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Սուրիոյ մասնաճիւղը հիմնուած է 1966-ին՝ բարերար Վարդան Ճինիշեանի յետմահու ձգած կտակին համաձայն,  ի յիշատակը իր ծնողքին՝ Վեր. Յարութիւն  եւ Կատարինէ Ճինիշեաններու: Գլխաւոր գրասենեակը եղած է Հալէպի մէջ, աւելի ուշ երկու մասնաճիւղեր եւս հիմնուած են Դամասկոսի (1971) եւ Գամիշլիի (1978) մէջ:  Իսկ ընդհանուր տնօրինութիւնը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ:

Նշեմ նաեւ, որ նախապէս Սուրիա եւ Լիբանան եղած են մէկ մասնաճիւղ, 2000 թուականին միայն  Սուրիան կը դառնայ առանձին մասնաճիւղ՝վայելելով  երեք համայնքապետերու հովանաւորութիւնը: 

 

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի սկզբնական նախաձեռնութիւնները եղած են մանկամսուրի մը հաստատումն ու հայկական վաժարանի աշակերտութեանց տաք ճաշի մատակարարումը:

 

Իր յիսնամեայ ծառայութեան ընթացքին հաստատութիւնը բազմաբնոյթ գործունէութիւն ծաւալած է՝ ինչպէս առողջապահական, խնամատարական, դաստիարակչական, փոխատուութեան, շտապ օգնութեան, նիւթական օժանդակութեան, բարգաւաճման եւ ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս:

Տարիներ շարունակ մեր գործունէութեան գլխաւոր ծիրը եղած է առողջապահական եւ ամէն տեսակի բժշկական օգնութիւնը, ինչպէս դեղագիրներու, հիւանդանոցէն ներս դարմանումի, վիրահատման, ախտաճանաչման  եւ այլ անհրաժեշտ բուժումներու ծախսերու համար:


 


Հիմնարկի ուշադրութեան կեդրոնը եղած են մասնաւորապէս հայ կարօտեալ ընտանիքները, որոնց, ըստ պահանջի, տրամադրուած է տան վարձք, դրամատնային մասնավճարներու, ընթացիկ անհրաժեշտ ծախսերու, անգործութենէ եւ հիւանդութենէ ծագած պարտքերու մարման գումարներ: Հիմնարկը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ հայ անտէր մնացած կարիքաւոր ծերերուն, որոնց նիւթական նպաստ եւ դեղօրայք  յատկացուցած է:

Կազմակերպած է դաստիարակչական եւ առողջապահական դասախօսական շարքեր: 

 

Դամասկոսի մէջ այս ծրագիրներու կողքին ունեցած է դպրոցական առողջապահական ծրագիր եւ տարեկան սննդեղէնի բաշխում:

 

Նիւթական օժանդակութենէ բացի Ճ.Յ.Ձեռնարկը հետաքրքրուած է իր շահառուներու հոգեկան առողջութեամբ, հետեւաբար տարբեր առիթներով կազմակերպած է ընկերային եւ դաստիարակչական հաւաքներ: Այս բոլորը, ինչպէս ըսի, մշտական բնոյթ կրող ծրագիրներ են, որոնց կողքին պարբերաբար եղած են նաեւ արտակարգ յատուկ ծրագիրներ:

 

Եղած են մանուկներու եւ պատանիներու յատուկ ծրագիրներ, որոնց ընթացքին միշտ ջանացած ենք անոնց մօտ ձեւաւորել կամաւոր աշխատանքի հասկացողութիւնը եւ իրենց մէջ սերմանել բարեսիրութեան  ոգին:

 

Այս պատուաբեր հիմնարկէն ներս իմ գործունէութիւնս  սկսած է  2012-ին, երբ ստանձնած եմ Սուրիոյ տնօրէնութիւնը:

 


 

-Ինչպէս գիտենք, վերջերս, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին 50-ամեակին առիթով, Հայաստանի մէջ, ԱՄՆ-ի կեդրոնին հովանաւորութեամբ հանդիսութիւններ եւ ընդհանուր ժողով մը գումարուեցաւ, որուն որպէս Սուրիոյ մասնաճիւղի տնօրէն ներկայ եղաք նաեւ դուք: Կը պատմէ՞ք այդ ժողովի եւ յատկապէս այնտեղ քննարկուած սուրիահայութեան վերաբերեալ  օրակարգերու մասին:


-Այո, ինչպէս նշեցիք, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի 50 ամեակի առթիւ հաստատութեան Հայաստանի մասնաճիւղը, ԱՄՆ-ի կեդրոնի հովանաւորութեամբ,  կազմակերպեց զանազան հանդիսութիւններ եւ ընդհանուր ժողով: Հանդիսութեան մասնակցեցան հաստատութեանս բոլոր մասնաճիւղերը, առաւել եւս անցեալին ու ներկայիս ծառայող անդամներ: Սոյն ժողովին բոլորը համակարծիք գտնուեցան անվերապահ կերպով շարունակել մարդասիրական գործունէութիւնը՝ ըստ ժամանակի պահանջին,  հասնելով սուրիահայութեան կարիքներուն: 

Այստեղ հարկ կը համարեմ  յիշել, որ  ընդհանուր կեդրոնը միշտ մօտէն հետաքրքրուած է Սուրիոյ մասնաճիւղով եւ մասնաւորապէս պատերազմի տարիներուն ան իր անսակարկ օգնութեամբ միշտ հասաւ անոր բոլոր կարիքներուն: 

 

 

 

 

-Գիտենք նաեւ, որ 50-ամեակի պաշտօնական յիշատակումի միջոցառման, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախագահական շնորհակալագիր յանձնեց Ձեզ,  առ ի գնահատանք  հաստատութեան տարիներէ ի վեր տարած աշխատանքին եւ մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմի ճգնաժամային տարիներուն ունեցած գործունէութեան: Կը պատմէ՞ք այդ գործունէութեան մասին, պատերազմական իրավիճակի հանգամանքը ի՞նչ փոփոխութիւններ մտցուծ ձեր տնօրինած հաստատութեան գործունէութեան ծիրին մէջ եւ այսօր հիմնական ի՞նչ հարցերով կը զբաղուիք:


 

-Այո, շատ մեծ անականկալ էր ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ նախագահական շնորհակալագիրի յանձնումը Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին,  ես ալ իմ հերթին յարմար գտայ այդ շնորհակալագիրը նուիրել Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Սուրիոյ երեք մասնաճիւղերու անձնակազմերուն, որովհետեւ տարուած աշխատանքը իսկապէս համատեղ ջանքերու արդիւնքով է: Շնորհակալագիրի ստանալու առթիւ սրտի խօսքիս մէջ երախտագիտական խօսք ուղղեցի նաեւ երեք համայնքապետերուն, որոնց օրհնութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը մշտապէս վայելած է մեր  հաստատութիւնը:


 


 

Պատերազմական իրավիճակի պատճառով անշուշտ որ հաստատութիւնը վերջին վեց տարիներուն մասնաւոր արտակարգ ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտութիւնը զգաց եւ համագործակցելով քոյր միութիւններու եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններու հետ, կատարեց աւելի քան իր կարելին ամոքելու համար մեր ժողովուրդին ցաւերը: 

 

Ճ.Յ.Ձեռնարկը անցնող վեց տարիներուն ընդլայնեց իր մնայուն եւ շարունակական ծրագիրները (նպաստընկալներու թիւը 500% աւելցած է եւ օժանդակութեան գումարները՝ բազմապատկուած), անոնց կողքին մշակեց նաեւ արտակարգ, ժամանակաւոր  այլ ծրագիրներ ըստ ժողովուրդի կարիքին եւ օրուայ պահանջքին: Որպէս օրինակ նշեմ, որ միայն Հալէպի մէջ պատերազմէն առաջ ամսական դրութեամբ դեղագիրներ ստացողներու թիւը 300 հիւանդ եղած էր, իսկ ներկայիս այդ թիւը հասած է 2000 հիւանդի, որոնց թիւին վրայ ամէն ամիս կ՚աւելնայ 150-200 առողջապահական օգնութեան կարիք ունեցողներ: 

Այս առումով կրնամ նշել նաեւ, որ  Գամիշլիի անձնակազմը 2015-ին նկատի առնելով Հասաքէյի եւ Տէրիքի հայութեան դժուար պայմանները, նիւթական օժանդակութիւններ բաժնեց հոն բնակող հայ ընտանիքներուն: 

Քեսապի պարագային եւս նշեմ, որ Քեսապի վերջին աղետալի օրերուն Հայաստանի Ճինիշեանի գրասենեակի ջանքերով հիմնարկս ստացաւ քեսապահայերու յատկացուած կոկիկ գումար մը որ բաժնուեցաւ 327 տեղահան ընտանիքներու Լաթաքիոյ մէջ: Քեսապի ազատագրումէն ետք նոյն նուիրատուութեան մնացած գումարով Ճ.Յ.Ձեռնարկը մասնակցեցաւ Քեսապի վերականգնումի ու բարգաւաճման աշխատանքներուն, երկրագործական ու փայտահատման գործիքներ հայթայթելով երեք համայնքներու ներկայացուցիչներուն հաւասարապէս:

 


 

-Որպէս վերջին խօսք, ի՞նչ կ'ուզէք ըսել:

 

-Այս առիթը օգտագործելով, կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, որ ունեցած ենք Վարդան Ճինիշեան անունով ազնուասիրտ մարդ մը, որ իր ամբողջ ունեցուածքը կտակած է՝ ամոքելու իր ազգին ցաւերը:  Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն Մ.Նահանգներու երիցական եկեղեցւոյ ղեկավարներուն, ընդհանուր Տնօրէնուհի Տիկ.Էլիզա Մինասեանին,  հիմնարկս հովանաւորող երեք համայնքապետերուն, շնորհակալութիւն Ճ.Յ.Ձեռնարկի խորհրդատու Մարմնի յանձնախումբերու անցեալի եւ ներկայ ծառայողներուն: Շնորհակալութիւն գործակից բարեսիրական միութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ վերջապէս պաշտօնէութեան, որոնք իրենց այս վսեմ  առաքելութեան մէջ կարգախօս դարձուցած են հայ հանճարեղ բանաստեղծ Մ. Մեծարենցի «Տուր ինծի Տէր ուրախութիւնն անանձնական» խօսքը եւ անոնք իրենց անձնական ցաւերն ու հոգերը մէկդի ձգելով, կու գան գրասենեակ՝ թեթեւցնելու մեր ազգի զաւակներու ուսերուն վրայ ծանրացած բեռը: