image

Հարիրի սպաննութեան դատը մօտեցա՞ծ է իր աւարտին

Հարիրի սպաննութեան դատը  մօտեցա՞ծ է իր աւարտին

Լիբանանի մէջ Յատուկ Միջազգային դատարանը, որուն վստահուած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաաննութեան հետաքննութիւնը, մերժած է չորեքշաբթի օրուան նիստին՝ սպաննութեան գործողութեան մէջ չորս ամբաստանեալներէն մէկուն արդարացնելու վերաբերեալ հայցադիմումը:

Դատաւորներու խորհուրդի նախագահը յայտարարած է, որ «մեղադրող կողմը բաւարար ապացոյցներ ներկայացուցած է, որոնց վրայ հիմնուելով հնարաւոր կը դառնայ Հիւսէյն Ընասայի դէմ  մեղադրանքը»:

Դատաւորը նաեւ յայտած է, որ «տակաւին Ընասային արդարացնելու հնարաւորութիւն կայ, բայց միայն դատավարութեան աւարտին, եթէ մեղադրող կողմը չկարենայ կտրականապէս փաստել անոր հանդէպ եղած մեղադրանքները»:

Յիշեցնենք, որ Հարիրիի սպաննութեան գործով մեղադրող կողմը անցած ամիս աւարտեց իր գործը, Ընիսայի եւ երեք այլ անձերու մեղադրման շուրջ, որոնք Հըզպալլայի անդամ են եւ որոնք բոլորը կը դատուին հեռակայ կերքով Հոլանտայի մէջ:

Նշեալ ամբաստանեալներէն 44-ամեայ Հիւսէյն Ընասային  դէմ կան հինգ մեղադրանքներ, որոնցմէ մէկը կեղծ տեսերիզ արձանագրելն է, որ փոխանցուած է Պէյրութի մէջ «Ալ-Ճազիրա» կայանի գրասենեակին, ուր Հարիրիի սպաննութիւնը կ'որդեգրուի իսլամական կեղծ ահաբեկչական խմբաւորման մը կողմէ: