image

Ֆիսք. Սուրիոյ շուրջ «Ուրուականներ» կը շրջին

Ֆիսք. Սուրիոյ շուրջ «Ուրուականներ» կը շրջին

Բրիտանական «The Independent»ի  աշխատակից Ռոպըրթ Ֆիսք  յօդուած մը հրապարակելով կարծիք յայտնած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ թշնամիներու մէջեւ նոյնականացում մը տեսնելու  մասին:

Ըստ Ֆիսքի, Փութին Սուրիոյ նախագահ Ասատի թշնամիները կը նմանցնէ Չեչնիոյի մէջ Ռուսիոյ թշնամիներուն:

Ֆիսք նշած է, որ նախագահ Փութինը կը գտնէ, որ Ռուսաստանի մէջ իր ուժին դիմադրող չեչենները, իրենց նոյն կռիւը կը շարունակեն Ռուսիոյ դաշնակից տարածաշրջանի՝ Սուրիոյ մէջ:

Ֆիսք մատնանշելով, որ «Փութին ինչպէս որ փորձեց Չեչնիան վերադարձնել Ռուսական իշխանութեան, նոյնպէս Հալէպի եւ Ղութայի մէջ ալ կը փորձէ իշխանութիւնը վերադարձնել Դամասկոսին եւ այսպիսով՝ Արեւելեան Ղութան սուրիական կառավարութեան վերադարձնելով, Փութին Ռուսիոյ ուժն է որ ամրապնդած կ'ըլլայ»,-  գրած է  Միջին Արեւելեան հարցերով մասնագէտ յօդուածագիրը:

Գրողի խօսքերով, «չեչենական ուրուականներ կան՝ Սուրիոյ շուրջ պտտուող», ընդգծելով, որ մեծ թիւով չեչեններ եկած են Սուրիոյ ռեժիմին դէմ պայքարելու համար:

 

Անոր կարծիքով, ռուսերը լաւ գիտեն, թէ ով կը պայքարի Սուրիոյ մէջ եւ Փութինի ռազմավարութիւնը կը կայանայ՝ առաջին փուլին թշնամիները վերացնելու եւ ետքը միայն խաղաղութիւն հաստատելու մէջ: Դամասկոս եւս նոյն այս քաղաքականութիւնը որդեգրած է, ըսած է գրողը, աւելցնելով, որ «Հեռաւորութիւնը Կրուզնիի եւ Դամասկոսի միջեւ 900 մղոն  է, եւ ռուսական ազդեցութիւնը Ռուսիոյ սահմանին չաւարտիր եւ Չեչնիան կը համենայ մնալ Փութինին յիշողութեան մէջ»:

 

Անոր համոզմամբ Ասատի այսօրուան թշնամիները նոյն Ռուսիոյ թշնամիներն էին Չեչնիոյի մէջ: