image

Պիտի Շարունակենք Մեր Առաքելութիւնը Հալէպի Մէջ. Աննա Տէր- Յակոբեան

Պիտի Շարունակենք  Մեր Առաքելութիւնը  Հալէպի Մէջ. Աննա Տէր- Յակոբեան

«Արեւելք»ի Հարցազրոյցը  Հ.Օ.Մ.ի  Կեդրոնական Վարչութեան Նորընտիր   Անդամ       Աննա Տէր- Յակոբեանին Հետ

 Սուրիոյ պատերազմը  իր ազդեցութիւնն  ունեցած է երկրի բոլոր հայկական կառոյցներուն վրայ: Որոշ կառոյցներ պարզապէս դադրած են գործելէ,  ուրիշներ  կը շարունակեն իրենց աշխատանքը`  պատերազմական պայմաններու ներքոյ: Այդ կառոյցներէն է Հալէպի հայկական  ծերանոցը, որու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար «Արեւելք»  զրուցեց Հալէպի հայ ծերանոցի  խնամակալ տիկ. Աննա Տէր-Յակոբեանին հետ: Ան տեղեկացուց, որ մինչ պատերազմը նախկին ծերանոցը կը գտնուէր Հալէպի Պոստան Փաշայի շրջանը, մեծ տարածութեամբ հողաշերտի մը վրայ շինուած, վերջին տասը տարիներուն բաւական բարեզարդումներ ենթարկուեցաւ, իսկ  Սուրիոյ տագնապը սկսելէ մէկ տարի առաջ անոր հիւանդանոցային բաժինը նորոգուած էր: Ինչպէս նշեց մեր զրուցակիցը,  այդ շրջանին ծերանոցի մէջ գտնուող ծերերուն թիւը կը տարուբերէր 50-60-ի միջեւ: «Սուրիական տագնապի սկզբնական օրերուն, հակառակ որ շրջանը բաւական լուրջ խնդիրներ ունէր, բայց ծերերը այդ դժուար պայմաններուն մէջ մնացին հոն, կարելի եղաւ ապահովել իրենց ուտեստեղէնը, կենցաղային կարիքները: Երբ հարցերը բարդացան, կազի տակառներու պայթումները  ցնցումներ կը պատճառէին, բանակը հոն էր, սակայն քաշուեցաւ եւ ընդդիմադիրները մտան: Կարելի եղաւ վտանգուած այդ շրջանէն ծերերը փոխադրել Նոր Գիւղի շրջան, նախկին «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոց, որ արդէն տարիներէ ի վեր փակուած էր: Ներկայիս  հոն գտնուող ծերերուն թիւը երկսեռ 30 հոգի է»:

 Խօսելով  ծերանոցի ընդհանուր վիճակի մասին, մեր զրուցակիցը ըսաւ.

 «Ծերանոցի կանոնագրով մանաւանդ այր մարդոց տարիքը պէտք է վաթսունէն վեր ըլլայ, որպէսզի ընդունուին, կիներու պարագային աւելի նուազ տարիքով կարելի է ընդունիլ, կարելի է ըսել միջին տարիքը վաթսուն է: Կան իգական սեռի պատսպարեալներ հիսունի սահմաններուն մէջ: Ծերանոցի ծերերը ընդհանրապէս ընտանիքներ ունին, զաւակներ ունին, կան նաեւ անտէրներ, հարազատ չունեցողներ: Շատ լաւ անձնակազմ կայ աշխատող, քաղաքի դժուար պայմաններուն մէջ ամէն տեսակի կենցաղային ապահովութիւն տրամադրուած է իրենց, վառելանիւթ, սնունդ, լոյս: Ծերանոցը քանի մը ամիս առաջ ունեցաւ նոր տնօրէն,  յանձին  Աւօ Գաթրճեանի, ան շատ լուրջ կը հետեւի ծերերուն: Հակառակ տիրող պայմաններուն, կրնանք ըսել լաւ վիճակ մէջ է ծերանոցը: Ծերանոցի ներկայ շրջանը ծայրամաս կը համարուի, այնքան ապահով չէ,  Հալէպի մէջ  ընդհանրապէս  ապահով շրջան չկայ: Բանակը կը հետեւի տեղւոյն ապահովութեան, բանակի մօտիկ կեդրոններ կան, արգելանոցներ՝ հոնկէ կը հսկէ բանակը»:

Մեր զրուցակիցն անդրադարձաւ նաեւ Հալէպի ծերանոցի   նիւթական վիճակին, ըսելով, որ նիւթական մեծ ծախս կայ.  «ՀՕՄը տարին մէկ անգամ կ'օգնէ, Ամանորի նախօրեակին նուիրահաւաք կ'ըլլայ, աշխարհի 27 մասնաճիւղերու ՀՕՄ-ուհիներէն դրամ կը հաւաքուի եւ համահաւասար կը բաժնուի աշխարհի չորս ծագերուն պատսպարան եւ ծերանոց ունեցող կառոյցներուն: Ծերանոցի ամենածախսալից բաժինը ուտելիքի բաժինն է,  որը նուիրատուներու տուած գումարով կ'ապահովուի, նախապէս մեծ էին անոնց թիւը, ներկայ պայմաններով թիւը նուազած է: Ծերանոցը Հալէպի մէջ միակ հաստատութիւնն է, որը կը վայելէ երեք յարանուանութիւններուն` Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական,  հովանաւորութիւնը:

Երեք համայնքներէն օժանդակութիւններ կ'ըլլան, բայց գլխաւորաբար Առաքելական համայնքէն է անոնց մեծ տոկոսը: Շտապ օգնութեան մարմինը, որ վերջին երեք տարիներուն կը գործէ, տարեվերջին բաւական կոկիկ գումարով օգտակար կ'ըլլայ, համայնքապետերու ջանքերով կը գոյատեւէ ծերանոցը: Ամէն առիթ կը նշուի` Սուրբ  Ծնունդ, Զատիկ, մայրերու օր, վերջերս տօնած էին ծերերու օր»:

 Աննա  Տէր-Յակոբեան Հալէպի նախկին շէնքին մասին հետեւեալը հաղորդեց. «Հին շէնքը վերանորոգուած ու արդիական սարքերով օժտուած էր, սակայն պարտադրաբար լքեցին այդ շէնքը, մեզի յստակ չէ, թէ շրջանը որու տիրապետութեան տակ կը գտնուի, յաճախ դիրքերը կը փոխուին, բայց շէնքը շատ ծանր վնասներ կրած է: Վերջին շրջանին տեղի ունեցած բարեկարգումերէն ետք ծերանոցը հանգստեան  տան վերածելու գաղափարը կար, որ նիւթապէս կայուն տարիքով մարդիկ գան հանգստանալու»: Աննա Տէր-Յակոբեան, որ Երեւան կը գտնուէր իբրեւ ՀՕՄ-ի պատուիրակ, նշեց, որ ՀՕՄ-ի ժողովը իր օրակարգերուն վրայ մեծ տեղ տրամադրեց սուրիահայութեան: «ՀՕՄ-ուհիները բոլորն ալ պատրաստակամ են, մենք միշտ շնորհակալ եղած ենք իրենց, եթէ ՀՕՄի օժանդակութիւնը չըլլար մենք չէինք կրնար մեր  աշխատանքները շարունակել Հալէպի մէջ: Մեր կեդրոնն ալ քանդուած է, ներկայիս քանի մը տեղերու մէջ տարածուած է մեր գործունէութիւը: Դամասկոսի եւ Քամիշլիի մէջ,  Հալէպի համեմատ,  կեանքը աւելի ապահով է, եւ մեր այնտեղի մասնաճիւղերը կ'աշխատին, համակարգում կայ, նաեւ այցելութիւններ, ինչպէս Քեսապի մեր այցելութիւնը` վերականգնումէն ետք, նաեւ Լաթաքիա, բացի Գամիշլիէն, որովհետեւ ճանապարհի խնդիր կայ:  գամիշլիցիները հակառակ անոր, որ շրջափակուած են, բայց լաւ են իրենց պայմանները, յաճախ կը կապուինք իրենց հետ»,-նշեց մեր զրուցակիցը,  եւ պատասխանելով մեր հարցումին, թէ ինչ տրամադրութեամբ Հալէպ կը վերադառնայ, ըսաւ «Մեզի համար Հալէպը մեծ նշանակութիւն ունի, մայր գաղութ է, որ Սփիւռքին մարդուժ կը տրամադրէ, Սփիւռքի զանազան գաղութները մեզմէ ուժ առած են, ընդհանրապէս եթէ հարցնէք` Սփիւռքի պատասխանատուները Հալէպի ճեմարանէն շրջանաւարտ եղած են, հետեւաբար մենք կը հաւատանք, որ այս տագնապը պիտի անցնի, նոնիսկ մէկ ընտանիք մնայ Հալէպի մէջ, մենք պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը:  «Սուրիոյ մէջ մեր վիճակը մեզի համար շատ մեծ փորձառութիւն եղաւ, մեր ընթերցողները  կը տագնապին մեզմով, մենք ալ Սուրիան ձգողներով մտահոգ ենք, ուր որ ալ երթան,  Սուրիոյ մէջ  վայելած ջերմութիւնը պիտի կորսնցնեն:  Մենք կը հաւատանք, որ երկիրը ձգողները պիտի վերադառնան:  Բոլորին որ կը հանդիպինք այդպէս կ'ատայայտուին «Լաւ ըլլայ պիտի վերադառնանք»:  Մեր փափաքն է, որ  հայութիւնը   մեր կողքին ըլլայ, նեցուկ կանգնի մեզի` ըլլայ նիւթական, ըլլայ բարոյական, որպէսզի կարենանք մեր գաղութը պահել, որովհետեւ իսկապէս սուրիական գաղութը հայութեան մայր գաղութն է, պէտք է որ անպայման մնայ»:

 

 Աննա Տէր Յակոբեանի   Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի