image
Հրատապ լուրեր:

Ովկիանոսը կտրած սուրիահայերը դժուար թէ Հալէպ վերադառնան. Աւետիս Պագգալեան

Ովկիանոսը կտրած սուրիահայերը դժուար թէ Հալէպ վերադառնան. Աւետիս Պագգալեան

Պատերազմի պատճառով Գանատա ապաստան գտած սուրիահայերը իրենք  զիրենք երջանիկ պէտք է համարեն, որովհետեւ յայտնուած են գաղութի մը մէջ, ուր հայկական առօրեան նոյնքան հարուստ է, որքան Մայր գաղութ՝ Հալէպի մէջ: Այս մասին «Նորանոր»ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ. Լ.Ն.Գ.Կ. վարժարանի նախկին տնօրէն Աւետիս Պագգալեանը, որ պատերազմի սկզբնական շրջանէն ընտանիքով Մոնրէալ տեղափոխուած էր:

 

Անոր կարծիքով, ճիշդ է, որ հալէպահայերը պիտի չկարենան իրենց Հալէպի նախկին կեանքով ապրիլ, բայց կասկած չունի, որ Գանատա հասնողներուն նոր հնարաւորութիւններ պիտի տրուին:

 

Պագգալեան, որ ներկայիս Մոնրէալի ՌԱԿ Թէքէեան կեդրոնի «Ապագայ» թերթի գլխաւոր խմբագրին է, ինչպէս նաեւ  «Նարեկ» հայկական վարժարանէն ներս հայոց լեզու կը դասաւանդէ, կասկած չունի, որ սուրիահայերը հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ՝ ամուր կապերով կապուած են Հայաստանին: «Մեծամասնութիւնը առանց Հայաստան տեսնելու արդէն կը պաշտէին Հայաստանը, այնքան հայրենասէր էին, որ ակումբը իրենց երկրորդ տունը դարձած էր»,- ըսած է Պագգալեան, մատնանշելով, որ նոյն աւանդոյթով անոնք ներկայիս Գանատայի մէջ ալ իրենց կեանքի առանցքը դարձուած են հայկական միութիւնները, եկեղեցին ու դպրոցը:

 

«Ապագայ» թերթի խմբագիրը անդրադառնալով այն հարցին, թէ հակառակ հայրենիքի հետ զգայական ամուր կապին, շատ սուրիահայեր չվարանեցան Գանատայի ճանապարհը ընտրել, կը գտնէ, որ այդ մէկը պայմանաւորուած է ապահով ապագայի մասին մտահոգութեամբ: «Եթէ հայաստանցին նոյն այդ պատճառով երկիրը թողելով կը  հեռանայ, ապա ինչպէ՞ս մեղադրել հալէպահայուն»,- ըսած է Պագգալեան, ընդգծելով, որ ներկայիս Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ամենահրատապ հարցը՝ դէպի Հայաստան ներգաղթն է, եւ պէտք է այդ հարցի լուծման գործնական քայլերու մասին մտածուի: 

 

Պագգալեան նաեւ կը գտնէ, որ ինչքան ալ հալէպահայուն համար ցաւալի ըլլայ Հալէպէն հեռանալը, սակայն գանատահայ գաղութի համար անոնց գալը հարստութիւն է, անոնց շնորհիւ հայերէնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը եւս մի քանի տասնամեակ կը շարունակուի: «Ամէն անգամ, երբ հոսք մը եղած է Միջին Արեւելքէն դէպի Գանատա, այն նոր ուժ եղած է գաղութին համար, ձեւով մը երկարաձգուած է այս գաղութներուն կեանքը: Հիմա սուրիահայերու հասնիլը նոյնպէս պիտի երկարաձգէ գաղութի կեանքը, այս ափերուն վրայ քիչ մը աւելի երկար հայ մնալու յոյս ունեցանք»,- ըսած է ան:

 

Պագգալեանի կարծիքով, որքան ալ սուրիահայերը հոգեպէս կապուած ըլլան Հալէպին, այսօր առաջուայ Հալէպը չկայ, այդ իսկ պատճառով, հակառակ ներկայ համեմատաբատ խաղաղ պայմաններուն, անոնք վերադարձի մասին չեն մտածեր: «Կը լսենք, որ շատ մը անձեր կը վերադառնան Հալէպի իրենց տուները, իրենց գործերուն, այդ մէկը ձեւով մը մեզի կը քաջալերէ, բայց ան, որ ովկիանոսն անցաւ եւ ամերիկեան ափեր հասաւ, չեմ կարծեր, որ ետ կը վերադառնայ»,-եզարափակած է Հալէպի մեծագոյն վարժարաններէն մէկուն՝ Լ.Ն.Գ.Կ.-ի նախկին տնօրէնը:

 

 

Մանրամասնութիւնները ՝  «Նորանոր»   կայքին մէջ: