image

Միջին Արեւելքի մէջ Ոաւշինկթընի դեսպաններու թիւը սկսած է նուազիլ. Պատճա՞ռը

Միջին Արեւելքի մէջ  Ոաւշինկթընի  դեսպաններու թիւը սկսած է նուազիլ. Պատճա՞ռը

Իսրայէլեան «Ճերուսալէմ  փոսթ» թերթը զեկոյցով մը անդրադարձած է Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ներկայութեան «նուազում»ի  խնդրին: Պարբերականը  նաեւ գրած է, որ Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններու  մօտ ԱՄՆ-ի   դեսպանին  իր  առաքելութենէն   հրաժարելէն ետք Լիբանան դեսպան Էլիզապէթ Ռիչարի գլխաւորութեամբն պիտի հանդիսանայ Միջին Արեւելքի  մէջ միակ երկիրը, ուր պիտի գործէ  ամերիկեան դեսպանութիւնը:

 

Թերթը նաեւ գրած է, թէ այս ընթացքով Ուաշինկըթն պիտի կորսնցնէ իր դեսպանական կազմերը եւ անոնց միջոցաւ դիւանագիտական «առաքելութիւններ» առաջ տանելու  հնարաւորութիւնները:

Աղբիւրը  նաեւ կը գրէ, թէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի վարչակազմը, արձագանգելով Յորդանանի խնդրանքին, հեռացուցած է դեսպան Ալիս Ուիլզը իր պաշտօնէն Իրանի միջուկային համաձայնագրի նկատմամբ տեղի ունեցած անհամաձայնութիւններու պատճառով, որուն փոխարինած է՝ Հէնրի Ուսթըրը:

 

Իր կարգին Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Տան Շապիրօ կը զգուշացնէ,  որ Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ներկայութեան բացակայութեան հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու շահերը մեծ վնաս  պիտի կրեն:

Շապիրօ, որպէս եզրակացութիւն զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները նշելով, որ  ԱՄՆ-ի  դիւանագիտական կազմերու  նուազումին   կողքին   մեծ  աճ կը գրանցէ  Ռուսաստանը, որուն ներկայութիւնը եւ «վերադարձ»ը զգալի սկսած են դառնալ յատկապէս  Սուրիոյ  պատերազմն մէջ  անոր ներգրաւումէն ասդին: