image

Մեծագոյն ճիգս պիտի ըլլայ պահպանել եւ տարածել Քեսապի ժողովրդական երգերը. Երգչուհի Արաքս Մահտեսեան

Մեծագոյն  ճիգս   պիտի ըլլայ  պահպանել եւ տարածել Քեսապի ժողովրդական երգերը. Երգչուհի Արաքս Մահտեսեան

Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող բոլոր բացասական երեւոյթներուն կողքին, աննկատելի չմնացին այն  դրական երեւոյթները, որոնց ետին կանգնած էին Սուրիան ու մասնաւորապէս Հալէպը պարտադրուած  կերպով լքող հայորդիները: Ու այսօր հալէպահայ մարդուժը եկաւ լրացնելու շատ մը հայկական գաղթօճախներու մէջ հայեցի կեանքէն ներս եղած բացը: «Արեւելք»ի այսօրուան զրուցակից, երգչուհի Արաքս Մահտեսեան, որ նախքան պատերազմը ուսման համար արդէն Հայաստան կը գտնուէր, այժմ Տուպայի մէջ երաժշտութիւն կը դասաւանդէ: Ան նաեւ վերջերս շատ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը ունեցած է Երեւանի մէջ, ազգային արժէք ներկայացնող եւ մոռացութեան մատնուած Քեսապի ժողովրդական երգեր ձայնագրելով եւ  հանրութեան ներկայացնելով: Այս եւ այլ հարցերու շուրջ քեսապահայ երգչուհի Արաքս Մահտեսեանի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ.

 


-Ձեր երաժշտական ուղիին մասին կը պատմէ՞ք: Ինչպէ՞ս սկսած էք:

 

-Իմ երաժշտական ուղին սկսած է ընտանիքէս, մայրս երաժիշտ է՝ դաշնակահար եւ մանկութենէս իմ մէջ ինք սերմանած է երաժշտութեան հանդէպ սէրը: 6 տարեկանէս սկսած եմ երգել, պատանեկութեան տարիներէս սկսեալ եւ աւելի քան 10 տարիներ մաս կազմած եմ  Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ուր մայրս նաեւ կը նուագակցէր: Քեսապի մէջ տարբեր ձեռնարկներու եւս հանդէս եկած եմ իբրեւ անհատ կատարող՝ միութենական կեանքէն ներս: Յետագային երբ Հալէպ փոխադրուեցանք, այնտեղ յաճախեցի «Արամ Խաչատուրեան» եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցները, միաժամանակ մասնակցութիւնս բերի երգչախումբերու մէջ, ինչպէս «Սաղմոս» եւ «Սպենդիարեան» երգչախումբերու մէջ:  

 


 

-Ինչպէս գիտենք դուք  ձեր երաժշտական կրթութիւնը ստացած էք Երեւանի մէջ:  Հալէպի մէջ ձեր երաժշտական ուղղուածութիւնը ինչքանո՞վ նպաստեց ձեր կրթութեան ուղղութեան ընտրութեան մէջ:  

 

-Ճիշդ է, որ Հալէպը, համեմատած այլ գաղութներու, մշակութային աշխոյժ կեանք ունէր՝ երաժշտանոցներ, երգչախումբեր, ինչը յաճախ կը նպաստէ հայ երիտասարդութեան մէջ հայկական երաժշտութեան հանդէպ սէր արթնցնելու եւ նաեւ իրենց մասնագիտական ճանապարհը այդ ուղղութեամբ տանելու, սակայն իմ պարագայիս այդ ճանապարհը սկիզբ առած էր շատ աւելի վաղ, մօրս ազդեցութեան տակ, որ ինչպէս քիչ առաջ նշեցի՝ դաշնակահարուհի է:

Իսկ ուսումս Հայաստանի մէջ ստանալու մղումս ալ կու գար ծնողքէս: Ունենալով հայրենասէր հայր, մեր տան մէջ միշտ հայրենասիրական ոգին ներկայ եղած է, միշտ երազած էի եւ կ'ուզէի Հայաստան երթալ եւ այնտեղ  երաժշտանոց ընդունուիլ, ուսանիլ, երաժշտական բարձրագոյն ուսում ստանալ: Պայմաններու բերումով երազս միայն 2010-ին իրականացաւ, այստեղ կ'ուզեմ նշել, որ նաախքան հայաստան գալս, Հալէպի մէջ հայագիտութիւն եւ հաշուապահութիւն ուսանեցայ, սակայն ներքուստ միշտ երաժշտութիւնը ինձ կը կանչէր: 2010-ի ամրան, երբ առիթ ունեցայ հայրենիքի մէջ մասնակցելու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքին, այդ ժամանակ էր, որ առիթը բաց չթողեցի, եւ դիմեցի ու ընդունուեցայ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական Կոնսերվատորիա (երաժշտանոց)  դասական երգեցողութեան բաժինը եւ ծնողներուս գիտակից ըմբռնումին շնորհիւ եւ քաջալերանքով այնտեղ մնացի հինգ տարիներ շարունակ: Երբ աւարտեցի, Սուրիոյ պատերազմը արդէն սկսած էր, հետեւաբար չվերադարձայ:

Հայաստանի մէջ այս ընթացքին անշուշտ երաժշտական տարբեր գործունէութիւններ եւս ծաւալած եմ: 2012-ին մասնակցած եմ «Իմ Հայաստան» փառատօնին «Սպենդիարեան» երգչախումբի հետ, 2013-ին սուրիահայերու աջակցութեան նպատակով բարեգործական համերգին իբրեւ անհատ կատարող մասնակցած եմ, 2013-ին մասնակցած եմ նաեւ «Կռունկ» երգչախումբին, որ սուրիահայերէ կազմուած երգչախումբ մըն էր, 2014-ին «Օվսաննա» երգչախումբին մաս կազմած եմ, նաեւ այս 5 տարիներու ընթացքին սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի անդամներէն եղած եմ, որպէս սուրիահայ ուսանողներու ներկայացուցիչ:

 

 

-Ինչպէս գիտենք, ներկայիս Տուպայ կը գտնուիք, ուր  երաժշտական դասաւանդութեամբ կը զբաղուիք, կը պատմէ՞ք ձեր ներկայ աշխատանքի մասին:

 

-Այո, ես այսօր Տուպայի մէջ իմ մասնագիտութեամբ կը զբաղուիմ,  ուր ոչ հայկական դպրոցի մէջ կը պատօնավարեմ, դասաւադելով դաշնամուր եւ երգեցողութիւն: Անշուշտ հայկական միօրեայ դպրոցին ուզեցի օգտակար դառնալ, բայց ցաւօք ժամանակի առումով պայմանները չներեցին:

Աշակերտներս տարբեր ազգի երեխաներ են, միայն մէկ հայ աշակերտ կայ, այդ իսկ պատճառով կը դասաւանդեմ արաբերէն եւ անգլերէն լեզուով. ծրագրի համաձայն օտար երաժշտութիւն կը դասաւանդեմ, սակայն անպայման միշտ առիթը կը գտնեմ ծրագրէն դուրս հայկական երաժշտութիւն եւս լսցնելու, հայկական երգեր սորվեցնելու եւ այլն:


 

 

-Կարելի է ըսել երեք տարբեր երկիրներու մէջ երաժշտական գործունէութիւն ծաւալած էք, եթէ համեմատական մը ուզէք  ընել, ի՞նչ կրնաք ըսել իւրաքանչիւրի մասին:

 

-Երաժշտական մակարդակի առումով այս երեք երկիրներուն միջեւ տարբերութիւնները ակնյայտ են: Հալէպի մէջ, մանաւանդ հայկական երաժշտական կեանքը սիրողական մակարդակի վրայ կը գտնուի բնականաբար եւ բոլորին յայտնի է, որ Հալէպի երաժշտանոցներն ու երգչախումբերը իրենց դասատու-ղեկավարները մեծաւ մասամբ հայրենիքէն կը հրաւիրէին կամ նուազագոյն Հայաստանէն շրջանաւարտ հալէպցիներ կ'ըլլային: Հայաստանի մէջ երաժշտութեամբ զբաղուիլը արդէն մասնագիտական մակարդակի վրայ դրուած է,  միայն լաւ ձայն ունենալը բաւարար պայման չէ երաժիշտ համարուելու կամ երաժշտութեան դասատու ըլլալու համար, ինչպէս ընդունուած էր Հալէպի մէջ, Հայաստանի մէջ լուրջ մօտեցում կայ այս առումով եւ տաղանդի առումով անհամեմատելի է Հայաստանը, այդ պատճառով ալ, նախքան պատերազմը, հալէպահայութեան համար շատ սպասելի եւ ոգեւորիչ էր Հայաստանէն հիւրաբար հրաւիրուած երգչախումբերու կամ երգիչներու համերգները: Միւս կողմէն, Տուպայի պարագային կրնամ ըսել որ հակառակ իր մեծ հնարաւորութիւններուն, մասնագէտներու պակաս ունի, այդ իսկ պատճառով ալ կը ստիպուի դուրսէն՝ Հայաստանէն մասնագէտներ հրաւիրել աշխատանքի համար:


 


 

-Քեսապի ժողովրդական երգերը ձայնագրելու ծրագիր մը իրականացուցիք անցած ամառ Երեւանի մէջ: Կը պատմէ՞ք այդ մասին՝ ի՞նչ մտայղացում էր:

 

-Այստեղ հպարտութեամբ կ'ուզեմ նշել, որ ես, արմատներով քեսապցի ըլլալով, տարիներ շարունակ փափաքը ունեցած եմ Քեսապի պատմութեան մէջ իմ համեստ լուման, ներդրումը ունենալ, հետեւաբար քանի որ Աստուած ինծի երգելու շնորհքը տուած է, մտածեցի այդ շնորհքը ծառայեցնել Քեսապի մշակոյթի պահպանման գործին:

Մտայղացումը իմս էր, մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմին Քեսապի ապրած ծանր օրերը մեզ զգաստութեան հրաւիրեցին, անդրադառնալ տալով, որ հայկական եւ մեզի համար այնքան հարազատ բնաշխարհի մը մշակոյթը ոչնչացման վտանգի մէջ կը գտնուի եւ քաջ գիտակցելով, որ ժողովուրդ մը իր մշակոյթով է որ կ'ապրի, ուզեցի Քեսապի ժողվրդական երգերը ձեւով մը վերակենդանացնել:  Հետեւաբար Պրն. Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» գիրքի երկրորդ հատորէն ընտրեցի փունջ մը Քեսապի չկատարուած երգեր, որոնք տարբեր ժանրերու կը պատկանէին, ինչպէս՝ օրօրօցայիններ, սիրերգեր եւ պարերգեր: Երգերու մշակումը, գործիքաւորումը եւ ձայնագրութիւնը սիրայօժար եւ բծախնդրօրէն, մասնագիտական մակարդակով կատարեց երգահան Խաչիկ Խաչատուրեանը, որ նոյնպէս հալէպահայ է:

2017-ի յուլիսին, Հ.Բ.Ը.Մ-եան համերգասրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մի փունջ Քեսապի ժողովրդական երգեր» խորագրով համերգը: Երգերը կատարեցի Քեսապի բարբառով, համերգի ընթացքին ալ Պրն. Չոլաքեանը իւրաքանչիւր երգէ առաջ ներկայացուց տուեալ երգի ժանրը, բառերու իմաստը եւ թէ Քեսապի ժողովուրդը ինչ առիթով եւ երբ կը կատարէր զանոնք: Կրնամ ըսել, որ երգերը եւ այս նախաձեռնութիւնը մեծ ընդունելութեան արժանացան ներկաներու կողմէն, նոյնիսկ շատերէ լսեցի, թէ ե՞րբ պիտի ըլլայ յաջորդ համերգը, նաեւ կարծիքներ եւ առաջարկներ եղան, որ շարունակական բնոյթ կրէ այս եզակի գործը:

 


 

-Այսօր այդ երգերու ձայնագրութիւնները առաձին ձայնասկաւառակով հասանելի՞ է:

 

-Ոչ, դժբախտաբար, այստեղ քանի հարցը տուիք, առիթ է որ նշեմ, թէ այս ձայնագրութիւնները՝ մշակումի, ձայնագրութեան եւ  գործիքաւորման ծախսերը ես իմ անձնական միջոցներովս ըրած եմ, հովանաւոր չեմ ունեցած, բայց երգերու տարածման համար ձայնասկաւառակի թողարկումը կարեւոր աշխատանք է, յոյսով եմ, որ հովանաւորներ կը գտնուին մօտ ապագային, ոչ միայն սկաւառակներու պահով, այլ շատ մը այլ երգեր եւս ձայնագրելու եւ մոռացութեան մատնուած մեր մշակոյթը վերակենդանացնելու համար: 

 

 

 

-Երբեւէ Հալէպ վերադարձի մասին կը մտածէ՞ք, մանաւանդ որ ներկայիս ապահովական իրավիճակը կայուն է :

 

-Սուրիան  ընդհանրապէս շատ մեծ տեղ ունի սրտիս մէջ, ըլլայ Քեսապը, ըլլայ Հալէպը, այնտեղ անցուցած եմ իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներս, շատ գեղեցիկ յուշերով կը յիշեմ այդ ամէնը, արդէն 8 տարի է որ հեռու եմ, սակայն միշտ կարօտով կը յիշեմ: Եւ ինչպէս ըսիք, Հալէպի ապահովական իրավիճակի բարելաւումէն ետք կարելի դարձաւ վերադարձի մասին մտածելը եւ շատեր վերադարձան, որոնց շարքին նաեւ՝ ծնողքս: Մօտ երեք տարի Երեւան մնալէ ետք, ընտանիքս այսօր վերադարձած է Հալէպ, այդ իսկ պատճառով հաւանական է, որ երթամ Սուրիա, բայց վերջնական վերադարձի մասին առայժմ չեմ կրնար մտածել, զուտ աշխատանքային առումով: