image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացի կիներ սեռական շահագործման կ'ենթարկուին

Սուրիացի կիներ սեռական շահագործման կ'ենթարկուին

Բրիտանական «BBC» լրատուական ցանցին փոխանցմամբ, Սուրիոյ որոշ շրջաններու մէջ մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրող կազմակերպութիւններու անունով հանդէս եկող տղամարդիկ տեղացի կիները սեռական շահագործման կ'ենթարկեն, փոխարէնը օգնութիւն տրամադրելու խոստումով:

Աղբիւրին համաձայն, մօտ երեք տարի առաջ մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրող երկու կազմակերլութիւններ զգուշացուցած էին տեղի ունեցող սեռական շահագործումներէն, սակայն անցեալ տարուան ընթացքին ՄԱԿ-ի գրասենեակին համար պատրաստուած հաշուետուութիւնը պարզած է, թէ սեռական շահագործումը Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ մինչեւ օրս կը շարունակուի, այն աստիճան, որ կիներէն ոմանք կը հրաժարին իրենց հասանելի մարդասիրական օգնութիւնն ստանալու համար համապատասխան գրասենեակներ այցելելէ, որպէսզի զիրենք այնտեղ տեսնողները այն կարծիքը չկազմեն, թէ անոնք սեռական զիջումներու գացած են յանուն այդ օգնութիւններուն: