image

Պոլսոյ մէջ նոր զարգացում. Յարութիւն Շանլը հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն

Պոլսոյ մէջ   նոր   զարգացում.   Յարութիւն  Շանլը   հրաժարական  տուաւ իր պաշտօնէն

Պոլսոյ Կէտիկփաշա   շրջանի  Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ       թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը   հրաժարած է  իր պաշտօնէն:  Այս մասին    տեղեկութիւնը տուած է   Պոլսոյ «Ժամանակ»ը:  Թերթը , որ լայն  մանրամասնութիւններով ներկայացուցած է    Շանլըի հրաժարական տալու  լուրը նաեւ  գրած է,   որ  նման  քայլ մը վնասակար է  համայնքի  ընդհանուր կեանքին:  Յիշեցնենք, որ  «Արեւելք»ի  տուեալներով    Շանլըի  տուած  հրաժարականը  կապ ունի  վերջինիս  եւ  Արամ  արք. Աթէշեանի  միջեւ եւ բաւական երկար   ժամանակէ ի վեր   տիրող   տարակարծութիւններուն հետ:  Հրաժարեալը    պոլսահայ համայնքի   ներկայացուցիչներուն  եւ  Թուրքիա  ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի հետ  կայացած  հանդիպման ընթացքին ալ   բաւականին ծանրաոճ   կեցուածքներով հանդէս  եկած է:  Նշենք, որ  Յարութիւն Շանլըի եւ  Արամ արք. Աթէշեանին  միջեւ   առկայ    տարակարծութիւնը    թէժացած էր   շրջանի    ծխատէր քահանա   Տ. Զաւէն  քհնյ. Պըչաքճեանին     այլ  եկեղեցի  մը  փոխադրելու  մասին եղած  որոշումէն ետք:  Երէկ  Պատրիարքարանը    այս   առումով   նոր նամակ մը ուղղարկած  էր  յայտնելով, որ յետս կը կոչէր   Զաւէն Քահանան  տեղափոխելու  հարցը: Շանլը  սակայն  անդրդուելի մնացած է իր կեցուածքին վրայ եւ        յայտարարած է, որ իր   տուած  հրաժարականը    վերջնական է: