image

Հալէպը մեզի համար յուշ դարձաւ. Երեւան հաստատուած հալէպահայ գործարարուհի

Հալէպը մեզի համար յուշ դարձաւ. Երեւան հաստատուած հալէպահայ գործարարուհի

Շուրջ երկու տարի առաջ Հայաստան մշտական հաստատուած հալէպահայ Ղազարեան ընտանիքի հայրը՝ Հայկ Ղազարեան,  «Արեւելք»ին  տուած  հարցազրոյցի  ընթացքին ըսած էր, որ Հալէպի մէջ հագուստի ձեւաւորման եւ արտադրման    ընտանեկան   իրենց  «պիզնըս»ը Հայաստանի մէջ շարունակելու մտադրութիւն ունի:

 

Երէկ՝ 22 փետրուարին,  Ղազարեանները   նշած  են     Երեւանի  մէջ հիմնադրուած  իրենց   գործատան  առաջին  տարեդարձը: Այս առթիւ «Արեւելք»  զրոյց մը ունեցաւ ընտանիքի մօր՝  Նուարդ Ղազարեանի հետ:

 

 

-Կը շնորհաւորենք Հայաստանի մէջ վերածնուած ձեր ընտանեկան պիզնեսի միամեակը:  Հալէպի մէջ քանի՞ տարուան փորձ ունէիք այս ոլորտին մէջ, ինչպէ՞ս եղան ձեր առաջին քայլերը Երեւանի մէջ, ի՞նչ դժուարութիւններ կային, ինչպիսի՞ փորձառութիւն ձեռք ձգեցիք:

 
-Շնորհակալութիւն բարեմաղթանքին համար: Մենք կարի, հագուստի ձեւաորման եւ արտադրութեան ոլորտի մէջ արդէն 25-26 տարուան վաստակ ունինք: Հալէպ կարի աշխատանոց ունէինք: Երբ վերջին տարիներուն Հայաստան տեղափոխուեցանք, ուզեցինք հոս ալ նոյն մեր մասնագիտութեան ուղղութեամբ աշխատաք սկսիլ եւ բացինք այս կարի աշխատանոցը, որուն, ինչպէս ըսիք, առաջին ամեակը նոր բոլորուեցաւ: Դժուարութիւններ անշուշտ  կային, որեւէ գործի պարագային, երբ նոր պիտի սկսիս, դժուարութիւններ պիտի ըլլան, մանաւանդ երբ նոր, օտար միջավայրի մէջ ես, երկրի օրէնքներուն անծանօթ, շուկայի հնարաւորութիւններու մասին՝ անտեղեակ: Սակայն այդ դժուարութիւնները փորձեցինք միշտ դրական մօտեցումով եւ աշխատասիրութեամբ յաղթահարել, կամաց-կամաց ծանօթացանք Հայաստանի օրէնքներուն, մեր հնարաւորութիւններուն եւ այսպիսով կը ջանանք առաջ երթալ:

 

-Կա՞ն դժուարութիւններ, որոնք տակաւին պէտք է յաղթահարէք:

 

-Դժուարութիւններ չեմ ուզեր ըսել, բայց նկատի ունենալով որ մենք Հայաստանի մէջ դեռ հիմնական առաջին քայլը միայն կատարած ենք՝ գործի հիմքը դրած եւ ընթացք տուած ենք,  բնականաբար յաջորդ հանգրուանին պիտի սկսինք այն զարգացնելու ուղղութեամբ աշխատիլ:

 

-Ինչպէս կը նկատենք՝ ձեր  աշխատողներու մեծ մասը հայաստանցիներ են, այդ առումով իրար հասկնալու դժուարութիւններ ունեցա՞ք, կամ տակաւին ունի՞ք:

 

-Առաջին օրէն հայաստանցիներ դիմեցին: Շիտակը այդ առումով շատ հաճելի մթնոլորտ կը տիրէ մեր աշխատանոցէն ներս, կարծես երկու մշակոյթներու խառնարան մը ըլլայ, իրարմէ շատ բան կը սորվինք, մենք իրենցմէ հայաստանեան կենցաղային օրէնքներ կը սորվինք, իրենք ալ մեզմէ  գործի հանդէպ նոր մօտեցումի ձեւ, գործատէր-աշխատաւոր հաւասարէ հաւասար աշխատիլ կը տեսնեն, մեր ճաշատեսակներուն կը ծանօթանան, այսպէս երբեմն իրար սխալ հասկնալով, թիւրիմացութիւններով ծիծաղելի իրավիճակներ կը ստեղծուին եւ աւելի հաճելի կը դառնայ աշխատանքային մթնոլորտը: Արդէն աշխատանքային մեր առօրեան միասին անցնելով, մէկ ընտանիքի նման դարձած ենք:

 

-Հայաստանեան շուկային պահանջարկը վստահաբար տարբեր է սուրիականէն: Այդ առումով ձեր գործի մէջ փոփոխութիւններ մտցուցա՞ծ էք, թէ՞  նոյն Հալէպի ձեր ոճով կ'աշխատիք այստեղ: Կամ նկատելի՞ է պահանջարկի սուր տարբերութիւն: 


 

-Մեր ոճի մէջ, այո, հիմնական փոփոխութիւն մը մտցուցած ենք: Հալէպ մենք աւելի գիշերային տօնական հագուստներ կը կարէինք, իսկ այստեղ սփորթային կտորներ կը պատրաստենք: Բայց այդ մէկը չի նշանակեր, թէ Հայաստանի մէջ տօնական հագուստներու պահանջարկ չկայ, կամ տարբեր է, պարզապէս սփորթայինով սկսիլը աւելի դիւրին եւ արագ էր մեզի համար, արդէն ափորթային ոճի պատուիրատունէր ունէինք: Յետագային կ'երեւի այլ ոճեր եւս կը մտցնենք, որովհետեւ մեր մասնագիտութիւնն է այդ մէկը:

 

-Սուրիոյ մէջ ձեր այս աշխատանքը դադրեցուցած էք, ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի Հալէպի ձեր աշխատանոցը: Պայմաններու բարելաւումէն ետք երբեւէ մտածեցի՞ք վերդառնալու եւ այնտեղ ձեր աշխատանոցը վերաբանալու մասին:

 

-Սուրիոյ մէջ աշխատանքը պատերազմական պայմաններու բերումով ինքնաբերաբար նախ կրճատուեցաւ, ետքը դադրեցաւ, մեր երկար տարիներու արաբ աշխատողները նոյնիսկ այսօր գաղթած են: Աշխատանոցի շրջանը անապահով էր, ելեկտրականութիւնը օրերով կ'անջատուէր, գործերը սառած էին, երկար ժամանակ համբերեցինք, բայց ետքը, երկու տարի առաջ որոշեցինք Հայաստան գալ, մանաւանդ որ մեր զաւակները այստեղ էին արդէն: Այսօր տղաքս իրնց ուսման կողքին, մեր հետ կ'աշխատին:

Հալէպ այցելելու մասին խօսք միշտ կ'ըլլայ, մանաւանդ որ այնտեղ դեռ հարազատներ ունինք, տուն, գործատեղի եւ այլն, բայց վերջնական վերադարձը քիչ մը դժուար է: Պիտի փորձենք մեր Հայաստանի մէջ սկսած գործին մէջ զօրանալ եւ առաջ նայիլ: Հալէպն ալ միշտ պիտի ապրի մեր մէջ, իր իւրայատուկ տեղը պիտի ունենայ մեր յուշերուն մէջ: