image

Հալէպի հետ մեր կապը անքակտելի է. Երեւան հաստատուած հալէպահայ գործարար (լուսանկարներ)

Հալէպի  հետ մեր կապը անքակտելի է. Երեւան հաստատուած հալէպահայ գործարար (լուսանկարներ)

Երեւան հաստատուած սուրիահայ գործարարներ անցած շաբաթ Գերմանիա այցելած են, որոնց շարքին եղած է նաեւ վերջին տարիներուն հայաստանեան շուկային մէջ արդէն տեղ գտած «Sweet Orient» ըկերութեան սեփականատէր Ճորճ Տէմիրճեանը:

Տէմիրճեան ընտանիքը իր «Sweet Orient» ընկերութիւնը հիմնադրած է Հալէպի մէջ, 2000 թուականին: Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմի առաջին օրերուն ընտանիք, տեղափոխուելով Հայաստան, իր հետ փոխադրած է նաեւ սեփական պիզնեսը: Այժմ  Հայաստանի մէջ ընկերութիւնը կ'արտադրէ ըստ որակի տարբեր արտադրանքներ՝ «Gorgio Vivaldi», «King George» եւ այլն: Բացի շոքոլայի արտադրութենէն, ընկերութիւն տարբեր առիթներու ձեւաւորման, քաղցրաւենիքի սարքաւորումներու, տարոսիկներու պատրաստութեան ծառայութիւններ եւս կը մատուցէ:


 


Գերմանիա այցելութեան առթիւ «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ճորճ Տէմիրճեանի հետ.


-Դուք  ներգրաւուած էիք  սուրիահայ գործարարներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը մէջ, որ վերջերս  Գերմանիա  այցելեց:  Ինչպիսի՞ն էր այցելութիւնը: Եղա՞ն  գործնական առաջարկներ: 


-Այո՛, մօտ երկու շաբաթ առաջ, գերմանական GIZ կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ անոր կողմէ իրականացուող «Սուրիահայերու տնտեսական ընդելուզումը Հայաստանի մէջ» ծրագրի շրջածիրէն ներս, սուրիահայ գործարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը Գերմանիա այցելեց: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին սուրիական պատերազմէն ետք Երեւան հաստատուած 7 սուրիահայ գործարարներ, որոնց շարքին նաեւ՝  ես:

Այցելութեան հիմնական նպատակը գերմանական կողմի հետ համագործակցութիւն ծաւալելն ու գործնական կապերու հնարաւորութիւն ստեղծելն էր: Կրնամ ըսել, որ յաջող եւ իր նպատակին ծառայող այցելութիւն մըն էր: Այնտեղ մենք մեր արտադրանքները ներկայացնելու, գերմանական ընկերութիւններ եւ արտադրամասեր այցելելու, տարբեր ոլորտներու մէջ գործադրուող ճարտարարուեստական արդիական միջոցներու ծանօթանալու առիթ ունեցանք:

Գործնական առաջարկներու առումով մեր կապը հիմնական եղաւ խումբ մը գերմանահայ երիտասարդներու հետ, որոնք հայկական արտադրութիւններու առցանց վաճառքով կը զբաղուին, մենք անոնց ծանօթացուցինք մեր արտադրանքները եւ յետագայ համագործակցութեան մասին որոշ մանրամասներ քննարկեցինք:

Անշուշտ այս կապը ապահովողը եղաւ Գերմանիոյ մէջ գործող ՀՀ դեսպանատունը, յանձինս դեսպան Աշոտ Սմբատեանի, մեր հանդիպումներուն ներկայ եղաւ նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ ներկայացուցիչը: Անոնք շատ բարձր գնահատեցին Հայաստանի մէջ մեր կատարած ներդրումը եւ քաջալերեցին, օգտակար ցուցմունքներ տուին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մեր արտադրանքները Գերմանիա արտահանել:

Դեսպանը շատ սիրալիր ընդունեց մեզ, ըսեմ նաեւ, որ ան մեծ աշխատանք կը տանի հայկական արտադրութիւնները գերմանական շուկայ մտցնելու ուղղութեամբ, գերմանական յայտնի թերթերու, ինչպէս «Շպիկելի» մէջ հայկական ապրանքատեսակի ծանուցումներ կ'ապահովէ եւ այլն:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ոլորտ մը կը ներկայցնէր, ես մասնակցած էի որպէս շոքոլա արտադրող, կային նաեւ ոսկերիչներ, ելեքթրոնիք սարքեր, օճառ, քաղցրաւենիք արտադրողներ եւ այլն: Խումբը, ամէն մէկը իր մասնագիտութեան համաձայն տարբեր քաղաքներ այցելեց եւ հանդիպումներ ունեցաւ զանազան գործարաններու եւ գործատէրերու հետ եւ վերջը Պերլինի մէջ միացանք:

Իսկապէս օգտակար այցելութիւն մըն էր, ինչին համար շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել նաեւ GIZ-ին:


 


 

-Գերմանացիք ինչպիսի՞ գնահատական տուին ձեր եւ  միւս սուրիահայ գործարարներու  արտադրանքին:   Շահագրգռուա՞ծ  են   միատեղ   գործակցութիւն   ծաւալելու:


-Անոնք բարձր գնահատեցին մեր արտադրութիւնը որակի առումով եւ հետաքրքրուեցան մանաւանդ արծաթագործներու  ձեռքի աշխատանքներով: Մենք ալ ծանօթացանք գերմանական նորարարութիւններուն: Սակայն ապագային գործակցութիւն ծաւալելու պարագային, կը կարծեմ, որ մեր հիմնական կապը այնտեղի հայերուն հետ պիտի ըլլայ:

 

-Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով բարձր մակարդակի տասնեակ   աուրիահայ   գործարարներ Երեւան հաստատուեցան: Այս թեմային մասին խօսելով  շատ  յաճախ  գնահատականներ կը հնչեն, որ սուրիահայ  գործարարներ  իրենց ունեցած ներուժին միայն չնչին մասը գործնականացուցին կամ աւելի ճիշդը այդ ներուժը  գործի  վերածեցին: Համաձայն է՞ք այդ գնահատականին  հետ:  Ի՞նչ  կարելի է  ընել, որ Հայաստանի  տնտեսական   ոլորտին  մէջ  սուրիահայ  գործարարներուն մասնակցութիւնը աւելի աշխուժանայ:


-Այդ մէկը հիմնական Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուելու սկզբնական  շրջանին էր, այսօր շատ սուրիահայ գործարարներ իրենց ամբողջական ներուժով աշխատանքներ սկսած եւ գործարաններ հիմնած են հայրենիքի մէջ: Սակայն, ինչպէս ըսիք, կան սուրիահայեր, որոնք, համեմատած Սուրիոյ մէջ նախքան պատերազմը իրենց ունեցած գործի ծաւալին, իրենց ներուժին միայն չնչին  մասը  գործնականացուցած են այստեղ եւ այդ մէկը իմ կարծիքով պայմանաւորուած է շուկայական միջավայրին ծանօթ չըլլալու  հանգամանքով: Յատկապէս սկզբնական շրջանին, սուրիահայերու մեծ մասը վերապահ գտնուեցաւ, քանի որ Հայաստանը իրենց համար նոր երկիր էր, նոր միջավայր, նոր օրէնքներ եւ այլն, սակայն ես համոզուած եմ, որ շրջան մը վերջ, երբ անոնք ամբողջապէս տիրապետեն հայաստանեան աշխատանքային շուկայի ներքին ծալքերուն, կ'ընդարձակեն իրենց գործերը: Ես օրինակ, նոյնպէս սկզբնական շրջանին աւելի վերապահ էի եւ յետոյ կամաց-կամաց սկսայ մեծցնել գործս եւ անոր համաձայն ալ՝ դրական առումով արդիւնքի տարբերութիւնը զգալիօրէն տեսայ:


 

 

-Բնականաբար կը հետեւիք  Սուրիոյ եւ Հալէպի մէջ ընթացող զարգացումներուն:  Այդ  առումով  մտադի՞ր էք  Հալէպ այցելել  ու ձեր ունեցած  տնտեսութիւնը  (գործարան, խանութ  կամ հաստատութիւն)  վերականգնել:

 

-Հալէպի իմ խանութս բարեբախտաբար չէ վնասուած, բայց այնուամենայնիւ կ'ուզեմ այցելել Հալէպ: Յաճախ կը մտածեմ այդ մասին եւ մեր առօրեայ թեմաներէն մէկն է, յարմար առիթի կը սպասենք: Յոյսով եմ մօտ ժամանակէն այդ առիթը կ'ունենամ: Հալէպ այցելելու փափաքը միայն աշխատատեղիի վիճակը ստուգելով չէ պայմանաւորուած, Հալէպը ի վերջոյ մեր ծննդավայրն է, այնտեղ շատ ընկերներ, բարեկամներ ունինք, որոնց կ'ուզեմ հանդիպիլ, մէկ խօսքով՝ Հալէպի հետ տարբեր կապերով կապուած ենք:


 


 

-Շատ   յաճախ խօսակցութիւններ կը  լսուին,  որ ժամանակը  հասած է, որպէսզի դարձեալ ոտքի կանգնի  Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի տնտեսութիւնը:  Ի՞նչ  կը կարծէք, իրաւամբ  հասունցա՞ծ է այդ ժամանակը:

 

-Բոլորիս փափաքն է, որ Հալէպը շուտով վերագտնէ իր երբեմնի բարւօք վիճակը: Տարբեր մակարդակներու վրայ Հալէպի տնտեսութիւը ոտքի կանգնելու աշխատանքներ արդէն սկսած են: Ինչպէս ամենօրեայ լրահոսէն կը տեղեկանանք, ըլլայ Դամասկոսի, Հալէպի կամ այլ քաղաքներու մէջ, սուրիական տարբեր արտադրանքներ ներկայացնող ցուցահանդէսներ կ'ըլլան, տարբեր երկիրներու հետ տնտեսական փոխանակման համաձայնութիւններ կը կնքուին եւ այլն: Վստահ, որ երբ ամբողջական խաղաղութիւն տիրէ Սուրիոյ մէջ, տնտեսութեան վերականգնումի աշխատանքները աւելի մեծ քայլերով առաջ պիտի երթան: