image
Հրատապ լուրեր:

Մինչեւ ամառ կը կարծեմ, որ Հալէպի շատ մը շրջաններ վերանորոգուած կ'ըլլան. Հալէպահայ գործիչ

Մինչեւ  ամառ  կը կարծեմ, որ  Հալէպի  շատ մը  շրջաններ  վերանորոգուած  կ'ըլլան. Հալէպահայ    գործիչ

Շատ մը հալէպահայերու նման , Իւճին Էքմէքճի եւս կը պատկանի հալէպահայերու այն խումբին, որոնք նախընտրեցին պատրազմի տարիներուն չհեռանալ Հալէպէն: «Արեւելք»ի զրուցակից Պրն. Էքմէքճին այսօր,  Հալէպի ապահովական պայմաններու բարելաւումէն ետք, տարբեր գործունէութիւններ կը ծաւալէ: Ան իր գրախանութի անձնական գործէն բացի, ներկայիս Աւետարանական եկեղեցւոյ խնմակալ է եւ Թէքէեան Մշկութային Միութեան վարչական անդամ, ինչպէս նաեւ «Սուրիոյ դրոշմահաւաքութեան ակումբ»ի անդամ:

Ստորեւ կը ներկայցնենք հարցազրոյցը.-

-Պրն. Էքմէքճի, ի՞նչ իրավիակի մէջ է Հալէպ քաղաքը ներկայիս: Գիտենք, որ արդէն մէկ տարի է, որ Հալէպը ազատագրուած է, ի՞նչ կրնաք ըսել ընդհանուր ապահովական իրավիճակին մասին:

-Կրնամ ըսել, որ ապահովական առումով Հալէպ մէջ մենք շատ վատ օրեր անցուցինք: Այսօր համաեմատած նախկինին վիճակը լաւ է, սակայն  ոչ վերջնականապէս լաւ, որովհետեւ տակաւին՝ դեռ մօտ 2 օր առաջ, դարձեալ սկսան մեզի մօտ գտնուող շրջանները հարուածել, անշուշտ հայկական շրջանին չմօտեցան տակաւին, հետեւաբար պէտք է  ըսել որ դեռ պատերազմը  վերջնականապէս չէ աւարտած:

 

-Գիտենք որ Հալէպի մէջ ժամանակ մը կենցաղային լուրջ խդիրներ կային, ջուրի, ելեկտրականութեան, սնունդի պահովման ը հարցեր կային: Այսօր ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ այդ առումով:

Կենցաղային կարիքներու ապահովման առումով, այո՛, նախորդող վեց տարիներուն շատ դժուար օրեր անցուցինք, հիմա սակայն,  փառք Աստուծոյ, համեմատաբար լաւ օրեր կ'ապրինք, Ջուրի, հոսանքի վիճակը լաւ է, սնոնունդ, դեղօրայք եւայլն բոլոպրը ապահովուած են շուկային մէջ:

 

-Մարդագրական տեղաշարժին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել: Արդեօք Հալէպը լքողներու թիւը կը մեծնա՞յ կամ դէպի Հալէպ վերադարձողներուն թիւին մէջ զգալի փոփոխութիւն մը կայ : Կա՞յ իսկապէս տեղաշարժ Հալէպի մէջ այս առումով:

Մարդագրական տեղաշարժի առումով յստակ տուեալներ չեմ կրնար տալ, որովհետեւ շատ անհատական պայմաններէ կախուած տեղի կ'ունեանյ այդ մէկը: Գիտենք, որ Հալէպ վերադարձողներ կան, տակաւին գացող հեռացողներ ալ կան, սակայն նկատելի մեծ թիւ չեն կազմեր երկու պարագաներն ալ:

 

-Ի՞նչ կրնաք ըսել Հալէպի վերակառուցման գործընթացի մասին, ո՞ւր հասած է Հալէպը վերակառուցելու ծրագիրները, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ մեզի մանաւանդ անոնց մասին,  որոնք տարբեր շրջաններու մէջ գործատեղեր,  վաճառատուներ եւ խանութներ ունէին, որոնք պատերազմի հետեւանքով փլատակ դարձան. արդեօք անոնք որեւէ ձեւով մտադի՞ր են կամ կը պատրաստուի՞ն իրենց հաստատութիւնները նորոգել. համայնքը ի՞նչ մօտեցում ունի այդ առումով :

Հայ գործատէրերը բացի հայկական շրջաններէն, Հալպէի տարբեր շրջաններուն մէջ աշխատատեղիներ, խանութներ ունեցած են: Որոշ շրջաններու մէջ վերակառուցման աշխատանքները կը կատարուին, օրինակ՝ Հալէպի բերդի չորս կողմի խանութները, որոնք  կը պատկանին եւ  քրիստոնեայ  եւ  իսլամ  հալէպցիներու   կան նաեւ  հալէպահայերու պատկանող  խանութներ: Անոնք,  որոնք քիչ ծախսերով կրնան նորոգել իրենց խանութը, կը կարծեմ որ մինչեւ ամառ պիտի վերաբանան, ես ընդհանրապէս այդ կողմերը կ'երթամ նկարելու, կը նկարեմ ներսի շուկան, Հալէպի հին թաղամասերը եւ ականատես կ'ըլլամ այդ աշխատանքներուն: Մեր հայկական շրջաններուն մէջ, որ կրնանք ըսել հիմնական արհեստաւորեր են մեծամասնութիւնը, արդէն վերսկսած են իրենց աշխատանքները, նոր գիւղի եւ Աարգուպի շրջանին մէջ արդէն տեսակաւոր զանազան արհեստներ կան՝ իքնաշարժերու նորոգութեան ծառայութիւն ապահովող կամ կարեւոր կտորներու արտադրամասեր,կաղապար շինողներ եւ այլն բոլորը  դարձան:

 

Հալէպի  «Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի  մարմին»ը  կը  գործէ՞  այսօր. Եթէ այո   ինչ  են  անոր գլխաւոր օրակարգերը:

«Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմին»ը, որ երեք համայնքներուն կը պատկանի,   վեց տարիէ ի վեր  իր կրցածին չափ օգտակար դարձաւ հայութեան , իսկ հիմա աւելի շատ իր աշխատանքները կեդրոնացուցած է վերանորոգման վրայ: Այն խանութի տէրերը, որոնք կ'ուզեն նորոգել կամ անոնք որոնք կ'ուզեն նորը բանալ, Շտապ օգնութեան մարմինը, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, ոչ մեծ գումարներով, օգտակար կը դառնան հալէպահայութեան: Օգնութիւնը կը տրամադրուի առաւելաբար հայկական շրջանին մէջ իրենց խանութները վերաբանալ ուզող հայ արհեստաւորներուն:

 

-Դուք Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ ընթացքին չլքեցիք Հալէպը, ի՞նչ էր պատճառը որ վճռէցիք Հալէպ մնալ եւ այսօր ալ կը շրունակէք Հալէպ մնալ:

-Ես կրնամ ըսել որ ամէն տեսակ շրջանակի բարեկամ եմ եւ ոչ մէկ ատեն օտար կամ առանձին զգացի: Ըլլայ հայ կաթողիկէներու հետ, ըլլայ հայ   առաքելականներու հետ մօտ եմ, իսկ արաբ քրիստոնեաներու եւ Հալէպի իսլամներուն հետ նոյնպէս բարեկամ եմ, կրնայ ըլլալ այս մէկը  պատճառ էր, որ աւելի կառչածմնամ եւ չուզեմ տեղէս շարժիլ: Անշուշտ իմ պարագայիս, շատ դիւրին էր մեզի համար դուրս ելլել, կրնայի որեւէ ժամանակ ուզած տեղս երթալ, սակայն փափաք չունեցայ, հաւանաբար տունիս թաղամասի համեմատաբար անվտանգ շրջանի մէջ ըլլալը եւս նպաստեց այս որոշումիս:

 

-Դուք նաեւ դրոշմաթուղթի միութեան անդամ էք, գիտենք որ վերջերս Հալէպի մէջ ցուցահանդէս մը իրականացուցած էր այդ միութիւնը: ի՞նչ  կրնաք պատմել այդ միութեան մասին, երբ հիմնուած է եւ ի՞նչ ցուցահանդէս էր:

-Այո, ես անդամ եմ  Սուրիական դրոշմահաւաքութեան ակումբին: Այս ակումբը առաջին անգամ հիմնադրուած է Դամասկոսի մէջ՝ 1946-ին եւ Հալէպի մէջ եւս մասնաճիւղ ունի: Հալէպի մասնաճիւղը մօտ 85 անդամ ունի, անշուշտ անոնցմէ շատեր ներկայիս ճամբորդ են,  միութեան անդամ են տարբեր խաւէ մարդիկ եւ մեր ներկայիս ատենապետը Տօքթ. Ռոպէր Սուլահեանն է:

Այս կեդրոնին հիմնական նպատակն է, աշխարհի բոլոր դրոշմաթուղթերը, նամակատան միջոցաւ ղրկուած նամակները եւ անոնց առաջին պահարանները, որոնց վրայ կնգուած դրամանիշեր կ'ըլլան՝ հաւաքել եւ անոնց ամբողջական հաւաքածոն կազմել: Ակումբը նաեւ փոխանակումներ կը կատարէ այլ երկիրներու հետ, մէկը միւսին բացը լրացնեով:

Պատերազմի պատճառով մենք երկար ատեն հեռացած էինք, սակայն վերջերս ետ հաւաքուեցանք եւ աղուոր ցուցահնդէս մը պատրաստեցինք նամակատան շէնքին մէջ, բաւական մարդ կար:

Այս ցուցահանդէսը առաջինը չէր իր տեսակին մէջ, Հալէպի մէջ, 2005-ին երբ միութեան գրասենեակի բացումը եղաւ եւ նամակատան շէնքին մէջ մեզի կեդրոն յատկացուցին, այդ շրջանէն մենք նման ցուցահանդէսներ  կը  կազմակերպէինք,  բայց վերջին տարիներուն, պատերազմի պատճառով ակումբի անդամներէն շատեր հեռացեր էին եւ մեր գործունէութիւնը դադրած էր:

 

 

 Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի