image

Սուրիոյ մէջ քաղաքական «վտանգաւոր խաղեր»

Սուրիոյ մէջ քաղաքական «վտանգաւոր խաղեր»

Ամերիկեան «Washington Post» թերթը յօդուած մը հրապարակած է «Սուրիոյ մէջ նոր խոշոր խաղ» խորագրով, նշելով, որ խաղացողները մէկ կողմէ Ռուսիա եւ Իրան են, միւս կողմէ՝ ԱՄՆ եւ Իսրայէլ, որոնք բոլորն ալ կը փորձեն որպէս ճատրակի զինուորներ օգտագործել արաբական երկիրներն ու Թուրքիան:

Յօդուածագիրը կարծիք յայտնած է, թէ երբ Ռուսիա եւ Իրան միջամտեզին Սուրիոյ պատերազմին, այն վերածուեցաւ տարածաշրջանային պատերազմի, որուն ծիրին մէջ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ օդային եւ ծովային ռազմակայաններ կառուցեց, իսկ Իրան «Հըզպալլա»ին հասնող ցամաքային կամուրջ հիմնեց:

Թերթը յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Փութին կը ձգտի «կանաչ փոքր տղամարդոց» ռազմավարութիւնն իրականացնել: Այս անուամբ վերջինս կը կոչէր այն ռուս զինուորները, որոնք զինուորական տարած չեն կրեր:

Ինչ կը վերաբերի Իրանին, վերջինս 1979 թուականէն ի վեր կը ձգտի կործանիչ հարուած հասցնել Իսրայէլին, եւ ըստ թերթին, Սուրիա ժամանեց Իսրայէլի պաշտպանական ուժի հզօրութիւնը չափելու նպատակով, իսկ մէկ տարիէ ի վեր Իսրայէլի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ռազմակայաններ կը հիմնէ:

Թերթը անդրադարձած է նաեւ Սուրիոյ, Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ տեղի ունեցած վերջին դէպքերուն, շեշտելով, որ Իրան կը ձգտի Իսրայէլի հետ բաց պատերազմ սկսիլ:

Թերթը առաջ քաշած է նաեւ այն վարկածը, թէ Իրան կը միտի ռուսական «կանաչ տղամարդոց» ռազմավարութիւնն իրականացնել, սակայն այդ մէկը այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ Իսրայէլ իր սահմանները շատ զգոյշ կերպով կը հսկէ:

Ըստ նշուած ռազմավարութեան, Իրան կրնայ խնդրել «Հըզպալլա»էն, որ հարիւրաւոր հրթիռներ տեղացնէ Իսրայէլի վրայ, այնպէս, ինչպէս տեղի ունեցաւ 2006 թուականի պատերազմի ժամանակ, սակայն հաւանական է, որ որպէս պատասխան, Իսրայէլ «Հըզպալլա»ն ու Սուրիոյ մէջ իրանեան ռազմակայանները ռմբակոծման ենթարկէ: