image

Սուրիոյ համար ծանրագոյն հանգրուանն սկսած է

Սուրիոյ համար ծանրագոյն հանգրուանն սկսած է

Բրիտանական «Independent» թերթը յօդուած մը հրապրակած է, ուր հարցադրում առաջադրած է, թէ Սուրիոյ զգալի մասի ազատագրումէն ետք ի՞նչ պատճառով է, որ իրավիճակը կը շարունակէ սրիլ:

Թերթը նշած է, որ 2016 վերջերը զինեալներու տիրապետութեան տակ գտնուող Հալէպ քաղաքի ազատագրումը իրավիճակը փոխեց ի շահ Ասատի:

Միւս կողմէ Ռաքքայի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կրած պարտութիւնը զգալիօրէն կրճատած է պատերազմական գործողութիւններու սրութիւնը:

Սակայն այնուամենայնիւ, հակառակ բոլոր յաղթանակներուն, պատերազմն իր աւարտին հասնելու ոչ մէկ նշոյլ կը նկատուի, եւ որոշ շրջաններու մէջ  իրավիճակն առաւել կը բարդանայ:

Յատկանշական է նաեւ այն, որ անցնող շաբթուան ընթացքին ՄԱԿ-ը յայտարարած է, որ Սուրիա իր ճգնաժամի դաժանագոյն հանգրուանը կ'ապրի:

Յօդուածագիրին կարծիքով, Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը կարելի է որակել որպէս «խաչացեւուած պատերազմներու դաշտ», ուր քանի մը ճակատի վրայ տարբեր մարտեր կ'ընթանան: