image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ կը կատարուի Դամասկոսի մէջ. Հասա՞ծ է «մեծ ճակատամարտ»ի ժամը (Տեսանիւթ)

Ի՞նչ կը կատարուի  Դամասկոսի մէջ. Հասա՞ծ  է «մեծ   ճակատամարտ»ի  ժամը    (Տեսանիւթ)

 Սուրիոյ զարգացումներուն  հետեւող մէկէ  աւելի կայաններ         ուշագրաւ  տեղեկութիւններ կը փոխանցեն  Դամասկոսի  մէջ        նկատուած     զինուորական  տեղաբաշխումներուն  մասին:

 Խօսքը մասնաւորապէս  Դամասկոսի     անզէն  քաղաքայիններու    թաղամասերը           պատուհասող եւ թիրախ  դարձնող  «Արեւելեան  Ղութա»   շրջանին  մասին է,  ուր  տեղակայուած   ահաբեկչական խբաւորումներ    կը յաջողին  իրենց   ունեցած        հրթիռային համազարկներուն   ճամբով  կը  փորձեն  վախ ու սարսափ  տարածել   քրիստոնէական     շրջաններուն ուղղութեամբ:

    Տեղին է նշել,  որ «Ղութա»ի   պատմութիւնը նոր պատմութիւն մը  չէ ու    անցնող   գրեթէ  հինգ տարիներուն  մայրաքաղաքին  մերձ   եղող  այդ շրջանը   մնացած է   ահաբեկիչներու տիրապետութեան  տակ:

 

 


     ուշագրաւ  է, որ հակառակ       Սուրիոյ տարբեր  քաղաքներուն մէջ «Իսլամական պետութեան»               նահանջին ու տկարացումին,  «Ղութա»ն եւ անոր շրջակայ  կարգ մը աւանները    շարունակեցին  մնալ      Սուրիոյ բանակին  դէմ      մինչեւ վերջ   կռուիլ   վճռած   շրջաններ:

  Հակառակ     բանակցութիւններուն  յստակ է նաեւ, որ անոնք   պատրաստ  չէին  որեւէ կերպ զիջիլ եւ անցեալ   շաբթուան  ընթացքին  ալ       «մահ ու սարսափ»  տարածեցին   քրիստոնէական շարք մը  թաղամասերու  ուղղութեամբ, որոնց մէջ  են նաեւ  հայկական   թաղամասերը:

 Անցնող օրերուն  «Արեւելք»  կապ հաստատեց Դամասկոսի    իր աղբիւրներուն հետ, որոնց       փոխանցումով քաղաքը   յայտնուած էր   գրեթէ  անդամալուծուած   վիճակի մը մէջ, դպրոցները  բնականոն  հունի մէջ  չէին ու քաղաքացիներն ալ   իրենց   օրուան    գործերը  արագօրէն ընելէ ետք կը նախընտրէին       փակուիլ  իրենց  տուներն ու սպասել:

 Կարճ  ասած  Դամասկոսը   արդէն    պատերազմական  վիճակի մը մէջ  էր ու  տարբեր   փուլերու  դժուարին ապրած   մայրաքաղաքի   այդ    հատուածներուն  մէջ զգալի էր    պատերազմի  «իրական  շունչ»ը:

  Յառաջիկայ  օրերը  կարեւոր   օրեր պիտի ըլլան, որովհետեւ  ըստ  Սուրիոյ պետութեան  մօտիկ համարուող լրատուական ցանցերուն  Սուրիոյ բանակը    վճռած է այս անգամ մինչեւ վերջ  երթալ ու մահացու հարուած մը տալ  տարբեր անուններու տակ   քողարկուած   զինեալ      ջոկատներուն:

   Տեղի  ունենալիք   գործողութիւները    հեշտ  պիտի չըլլան, տրուած   ըլլալով, որ իսլամիստ զինեալները     «նորելուկ»  չեն այդ  շրջանին   մէջ ու յայտնի է նաեւ, որ անոնք  վճռած են   կռուիլ մինչեւ  վերջ:

 

 Կը մնայ   յուսալ, որ  այս   փուլին   ալ Դամասկոսի    քրիստոնէական եւ յատկապէս  հայկական  թաղամասերը  զերծ մնան   յաւելեալ  վնասներէ ու   տարբեր մակարդակի   վնասներէ: