image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ կռուած օտարերկրացիներու հարցը դարձեալ քննարկումի թեման

Սուրիոյ մէջ կռուած օտարերկրացիներու հարցը դարձեալ քննարկումի թեման

ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը յայտնած է, իր երկիրը մտադիր է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գերեվարուած անդամներէն օտարերկրացիներն իրենց երկիրներն ուղարկել, որպէսզի այնտեղ դատուին:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, ներկայիս ԱՄՆ Բրիտանիոյ հետ կը քննարկէ «Տահէշ»ի օտարերկրացի գերիները ԱՄՆ-ի Կուանթանամոյի բանտ տեղափոխելու հարցը:

Նշուած  նաեւ, որ այս շաբթուան ընթացքին Միջազգային դաշնութեան անդամ 12 երկիրներ Հռոմի մէջ հանդիպում պիտի ունենան, ուր ԱՄՆ պատուիրակութեան նախագահը պիտի շեշտէ բոլոր երկիրներու կողմէ իրենց քաղաքացի հանդիսացող ահաբեկիչները ետ ընդունելու անհրաժեշտութիւնը: