image
Հրատապ լուրեր:

Վեց տարի առաջ..

Վեց տարի առաջ..

Սուրիան արիւնագամ ընող պատերազմին ընթացքին զոհուեցան տասնեակ հայորդիներ: Անոնց առաջինը կը համարուի Վիգէն Հայրապետեանը, որ զոհուեցաւ Հալէպի մէջ:Այդ առթիւ հալէպահայ մտաւորական եւ բեմադրիչ՝ Մանուէլ Քէշիշեան կը գրէ ՝        

Հալէպահայ առաջին զոհը:Մեր արցունքներու աղբիւրի առաջին հասցէն, մեզ միացնող սուգն ու գոյապայքարի մղողը, մեր յիշողութեան մէջ գամուողն ու ապագային կառչող հոգւոյն մէջ տեղ գրաւող առաջին անմահը... Մեր նահատակներու դէպի յաւիտենակութիւն երկարող կարաւանի առաջին ուղեւորը...