image

Արամ Աթեշյանը կրկին ստանձնել է Պոլսի պատրիարքարանի ղեկը. Աթեշյանի հայտարարությունը

Արամ Աթեշյանը կրկին ստանձնել է Պոլսի պատրիարքարանի ղեկը. Աթեշյանի հայտարարությունը

Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշյանը կրկին ստանձնել է Պոլսո հայոց պատրիարքության ղեկը: Պատրիարքարանը կատարել է Ստամբուլի նահանգապետարանի ցանկությունը՝ վերադառնալով 2010 թվականի նախարարների խորհրդի կողմից վավերացված որոշմանը, ըստ որի՝ ընդհանուր փոխանորդն ինքն է, մինչեւ տեղի կունենա նոր ընտրություն: Այս որոշմամբ չեղարկվում է  2017 թվականի մարտի 15-ին տեղի ունեցած կրոնական ժողովի շրջանակում Պոլսո պատրիարքի նոր տեղապահի ընտրությունը, որի ժամանակ տեղապահ էր ընտրվել Գարեգին արքեպիսկոպոս Բեկչյանը: Չեղյալ են համարվում նաեւ  Բեկչյանի տեղապահության օրոք կայացված բոլոր որոշումները:  Արք. Բեքչյանը չի մասնակցել ժողովին՝ բանավոր հայտնելով իր հրաժարականի մասին։

Ներկայացնում ենք Արամ արք. Աթեշյանի հայտարարությունը՝ ստացված Պոլսից.

 

                                       ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ,

Մեր հաստատութիւններու յարգարժան վարիչներ եւ

Մերազն համայնքի սիրեցեալ զաւակներ,

Ներկայիս պատրիարքական ընտրութեան ցաւալի գործընթացի անկիւնադարձային կէտերէն մէկուն վրայ կը գտնուինք։ 1 Փետրուար 2018, Հինգշաբթի, յետմիջօրէին այցելեցինք մայրաքաղաք Անգարա։ Հնարաւորութիւն ունեցանք հանդիպելու Ներքին Գործոց Նախարար Տիար Սիւլէյման Սոյլուի հետ։ Մեզի տեղեկացուեցաւ, որ 02.08.2010 թուականին Եկեղեցականաց համագումարի կողմէ ընդունուած որոշումը վաւերացուած էր Նախարարաց Խորհուրդի կողմէ, ուստի ուժի մէջ կը մնայ այդ 18.08.2010 թուակիր եւ համար 2010/853 ո րոշմնագիրը։ Աւելի վերջ 05.02.2018 թուակիր եւ 15342297-164.02- .1.1595 համար պաշտօնական գրութիւնը Պատրիարքարան ուղարկուեցաւ Իսթանպուլի Կուսակալութեան կողմէ եւ անոր բովանդակութիւնը վերահաստատեց վերոյիշեալ հանգամանքները։ Անմիջապէս վերջ Պարոն Նախարարը հանդիպում մը ունեցաւ մեր համայնքի աշխարհական ներկայացուցիչներուն հետ։ Ի շարունակութիւն Պատկառելի Կրօնական Ժողովն ալ երէկուան նիստին ընթացքին վերահաստատեց իր իսկ կողմէ 02.08.2010 թուականին առնուած որոշումը։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր մեր Պատրիարքութեան եւ Պետութեան պատկան մարմիններուն միջեւ ամբողջութեամբ վերացած է ներդաշնակութիւնն ու համընթացութիւնը։ Եթէ հաշուի առնենք այս պարագան, ապա կարելի է շատ լաւ թափանցել այս վերջին իրադարձութիւններու նշանակութեան։ Անցեալ տասն տարիներուն ընթացքին, այն բոլոր փուլերուն, երբ մեր համայնքէն ներս չկրցանք հասնիլ ընդհանուր համաձայնութեան մը, յաչս մեր պետութեան արտայայտուեցան հակասական ակնկալութիւններ։ Պատկան մարմինները խուսափեցան միջամտական մօտեցումներէ ու միշտ կատարեցին կարգադրութիւններ, որոնք հետամուտ էին մեր համայնքի ներքին ներդաշնակութեան գետին պատրաստելու։ Այս վերջին իրադարձութիւնն ալ կ՚արժեւորենք նոյն ծիրին մէջ։ Մեր պետութեան այս վերջին քայլն ալ ուղղուած է ապահովելու մեր հաւաքականութեան կամքի դրսեւորման, առանց ենթարկուելու որեւէ ճնշումի կամ ազդեցութեան։ Երբ որ ժամանակը գայ, պիտի կարենանք իրականացնել նոր պատրիարքական ընտրութիւն մը թէ՛ մեր պետութեան ընթացակարգերուն եւ թէ աւանդութիւններուն ու նախընթացներուն համապատասխան։ Այս ուղղութեամբ ունինք ամէն տեսակ երաշխիք եւ անկարելի է կասկածիլ այս առումով։ Մնաց որ մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք Սուրբ Գիրքի ուսուցումներուն։ Այս փուլին կը վերյիշենք Սուրբ Պետրոսի կողմէ հռովմէացիներուն գրուած նամակի հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի, վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ ա նոնք որ կան Աստուծմէ կարգըւած են։ Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ՝ Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ ա նոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ՚ընդունին։ Վասն զի իշխանները բարիք գործողները չեն վախցներ, հապա չարը։ Կ՚ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ստանաս… Ա սոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկու- թեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կու տաք» (Հռովմայեցիս 13. 1-6): Այս հաւաքական դժուարին փորձութենէն բաց ճակատով դուրս գալու յոյսով՝ ձեր բոլորին կը փոխանցենք մեր օրհնութիւնները եւ առ Աստուած կ՚աղօթենք՝ որպէսզի մեր համայնքէն, Պատրիարքարանէն ու Պետութենէն չզլանայ իր ողորմութիւնը։ Մեր հաւաքականութեան կամքի դրսեւորման ուղղեալ կարգադրութիւններուն համար պարտք կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնել մեր ամբողջ պետական աւագանիին, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի։ Յառաջիկայ շրջանին պարտաւոր ենք ձեռք ձեռքի աշխատելու՝ հին վէրքերու այլեւս սպիացման, միութեան ու միասնականութեան ոգիով մեր Պատրիարքարանի վերակենդանացման, մեր համայնքի ապագային եւ մեր հաստատութիւններու շահերուն համար։ Վստահ ենք, թէ այս առումով բոլորը իրեն վիճակածը պիտի ընէ ու մերազն համայնքի սիրեցեալ զաւակները մեզմէ պիտի չզլանան իրենց աղօթքները։ Անհատական կամ հաւաքական կեանքի մէջ դժուարութիւններու դէմ հազիւ, թէ դիմադրել կարելի ըլլայ առանձին եւ առանձնութեան զգացումը մի միայն կը խորացնէ յոռետեսութիւնը։ Եկէ՛ք, իրարու տէր կանգնելով, ձեռք ձեռքի տալով փարատենք մեր հաւաքական կեանքի առկայ յոռետեսութիւնը ու բոլորով ապրինք մեր միասնականութեան արդիւնքներն ու բարիքները։ Բաց աստի, մօտաւոր անցեալի ալեկոծեալ գործընթացին մէջ մեր համայնքի կայունութեան համար գործադրած անսակարկ ջանքերը եւ դրսեւորած ղեկավարման ընդունակութիւնները հաշուի առնելով՝ մեր բարձր գնահատանքը կ՚արտայայտենք Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Պատուարժան Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի նկատմամբ։ Չենք կասկածիր, թէ մեր համայնքային հաստատութիւններու վարիչները յառաջիկայ շրջանին զօրակցութեան մէջ պիտի ըլլան թէ՛ իրարու եւ թէ մեզի հետ։ Վստահ կրնաք ըլլալ, թէ մենք՝ հոգեւորականներս յառաջիկայ շրջանին պիտի ընենք մեզի վիճակածը՝ մեր համայնքէն ներս միասնականութեան հասկացողութեան ամրապնդման համար։ Մեր Պատկառելի Կրօնական Ժողովին կողմէ որդեգրուած հասուն դիրքորոշումը մեծագոյն ապացոյցն է այս ուղղութեամբ։ Ձեր բոլորին կը փոխանցենք մեր օրհնութիւնները եւ առ Աստուած կ՚աղօթենք՝ որպէսզի մեր համայնքէն, Պատրիարքարանէն ու Պետութենէն չզլանայ իր ողորմութիւնը։

 

ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ