image

Հալէպի շուրջ տեղի կ'ունեան բաւական ծանրակշիռ դէպքեր. Արմէն Գասպարեան

Հալէպի  շուրջ    տեղի կ'ունեան  բաւական  ծանրակշիռ    դէպքեր. Արմէն Գասպարեան

Հալէպահայ հասարակական գործիչ Արմէն Գասպարեան օրերս  հարցազրոյց մը տուած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին:  Գասպարեան, որ մօտէն կը հետեւի Հալէպի մէջ կատարուող զարգացումներուն յոյս յայտնած է, որ Հալէպը դարձեալ կը վերակառուցուի: Սոյն  շահեկան հարցազրոյցը  պիտի հրապարակենք  աւելի ուշ ու այսօր յարմար նկատեցինք «Արեւելք»ի ընթերցողներուն ներկայացնել Գասպարեանի Հալէպի այսօրուան իրադրութեան մասին ուշագրաւ կարծիքը:

 

Արմէն Գասպարեան  կ'ըսէ ՝«Այսօր Հալէպի մէջ կ'ապրին 20 հազար հայեր, ու գաղտնիք չէ, որ սուրիահայութեան գլխաւոր կեդրոնն ու սիրտը Հալէպ քաղաքն է: Իմ կարծիքով՝ հալէպահայերը եթէ չգաղթեն եւ շարունակեն ապրիլ Հալէպի մէջ, պիտի ուծանան եւ պիտի ձուլուին: Ինչքան ալ ծանր եւ դառն հնչէ այս իրողութիւնը, ան չի դադրիր ճշմարտութիւն ըլլալէ: Բոլորս գիտենք, թէ ինչպիսի գաղութներ ունեցած ենք մենք Հնդկաստանի մէջ, Լեհաստանի մէջ եւ այլուր, որոնք այսօր ընդամէնը մեր պատմական յիշողութեան մասնիկն են:Ես դէմ չեմ, որ Հալէպը վերակառուցուի, որ Հալէպը վերականգնի, որ հալէպահայ ժողովուրդը ինքզինք վերագտնէ, որ հայութիւնը իր բոլոր խաւերով օժանդակէ, որպէսզի այս գաղութը դարձեալ շունչ քաշէ եւ իր վէրքերը սրբէ ու ապրի, սակայն այս բոլորը փափաք է, որովհետեւ գործընթացները, որ կը կատարուին մեր պատկերացուցածէն շատ աւելի մեծ են ու նաեւ այդ գործընթացներուն առընթեր մեր ազդեցութեան գօտիները շատ՝ նօսր եւ թոյլ են»: