image

Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը վերաբացաւ իր դռները (Լուսանկարներ)

Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը վերաբացաւ իր դռները (Լուսանկարներ)

Անցած տարի սկիզբ առած Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանի վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են: Երէկ, 22 յունուարին, տեղի ունեցած է վերանորոգուած շէնքի հանդիսաւոր բացումը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը նշեց, որ բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Կիլիկեան ճեմարանի երկրորդական բաժնի շրջաբակէն ներս, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանին:

 

 


Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութեան խօսքը արաբերէնով արտասանած է Վարուժ Սիւլահեանը, իսկ Տնօրէնութեան խօսքը, ճեմարանի այժմեան տնօրէն Աբրահամ Զուպրիկեանը:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանը, հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, Հալէպի կրթական տնօրէնութեան փոխ տնօէն, մասնաւոր դպրոցներու բաժնի պատասխանատուն, որ ի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնած է՝ ճեմարանի երկրորդական բաժնի վերականգնման առթիւ, նշելով, որ Կիլիկեանը երկար տարիներ  Հալէպի լաւագոյն դպրոցներէն մէկը եղած էր իր ուսման մակարդակով եւ մաղթած է,  որ նոյն յաջողութեամբ ան  շրունակէ իր վերելքը եւ միւս շէնքերը եւս  շուտով վերակառուցուին:

 



 

Բացման հանդիսութեան, ճեմարանի աշակերտութեան կողմէ ներկայացուած է գեղարուեստական յայտագիր մը: Աւարտին տեղի ունեցած է կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

 

Ինչպէս  «Արեւելք»  նախապէս հաղորդած էր, «Կիլիկեան»  վարժարանի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առած էին օգոստոս 2017-ին: Աշխատանքները կեդրոնացած էին յատկապէս վարժարանի երկրորդական բաժնի  մասնաշէնքին  վրայ:

 

Նշենք, որ «Կիլիկեան»  վարժարանը հիմնուած  է 1921 թուականին, եւ այն կը համարուի յետ եղեռնեան շրջանին Հալէպի մէջ հիմնադրուած առաջին վարժարանը:

 

Դպրոցը կը բաղկանայ  երեք շէնքերէ ՝  մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական:  Դպրոցը,  գտնուելով   բախումներու  գիծին մօտիկ  շրջանի մը  մէջ, կը համարուի պատերազմին հետեւանքով ամէնէն շատ վնասուած հայկական վարժարանը:

 

 

Ծանր  վնասներ կրած են  Մանկապարտէզի եւ  Երկրորդականի մասնաշէնքերը, մինչ   նախակրթարանի շէնքը  ամբողջութեամբ աւերակուած է:

 

Յիշեցնենք, պատերազմի  ամբողջ  տեւողութեան «Կիլիկեան» վարժարանի աշակերտութեան դասաւանդութիւնները շարունակուած էին «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան յարկին տակ: