image

«Սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւն ընելը բաւարար չէ, պէտք է աւելին ընել». Ճորճ Ամպարճեան

«Սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւն ընելը բաւարար չէ, պէտք է աւելին ընել». Ճորճ Ամպարճեան

Հալէպահայութեան մշակութային կեանքին մօտէն ծանօթ եղողները վստահաբար կը յիշեն համայնքի մտաւորականութեան համար կարեւոր հարթակ մը հանդիսացող «Հայ Մտքի Բարեկամներ»ու միութիւնը:  Պատերազմական պայմաններու բերումով, ինչպէս շատ մը միութիւններ, այնպէս ալ այս միութիւնը, դադրեցուց իր գործունէութիւնը: Այսօր այդ միութիւնը պայմաններու  բերումով կայք հաստատած է Պէյրութի մէջ: Ինչպէս  մօտիկ անցեալին, այսօր ալ «Արեւելք» հետամուտ է իր ընթերցողներուն ներկայացնել հալէպահայութեան տարբեր խաւերու այսօրուան  խնդիրներն ու ընդհանուր վիճակը  ու այս առումով ալ յարմար  նկատեցինք հարցազրոյց մը կատարել իր անունը վերափոխած եւ «Դիմատետրի Մտքի Բարեկամներ»ու աշխոյժ  անդամներէն՝ արուեստագէտ- նկարիչ Ճորճ Ամպարճեանին հետ:

Ստորեւ հարցազրոյցը.-

 

Դիմատետրէն  իմացած եղանք, որ  վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ  տիրող ընդհանուր իրավիճակին հետեւանքով այլ մարմիններու նման «Հայ Մտքի Բարեկամներ»ու ձեր համախմբումը սկսաւ գործել Պէյրութի մէջ: Պիտի խնդրէինք, որ այս մասին պատմէիք «Արեւելք»ի ընթերցողներուն:  

 

«Հայ Մտքի Բարկամներ»ը համախմբում մըն է, որուն գլխաւոր մտահոգութիւններէն է հանդիպումներ իրականացնել եւ քննարկումներ ծաւալել մեր ժողովուրդի դիմագրաւած հարցերուն եւ ապագային մասին: Նախքան Սուրիոյ պատերազմը մենք կը հա­ւաքուէ­ինք Հալէպի մէջ, զրու­ցե­լու համար այն նիւթերուն շուրջ, որոնք կը նպաս­տէ­ին հա­յու­թեան վե­րել­քին եւ ուժեղացման: Մեր միութիւնը նաեւ կը վայելէր ­գա­ղու­թի երեք հա­մայն­քա­պետ­երուն հովանաւորու­թիւնն ու աջակ­ցութիւնը:

 Ի՞նչ են ձեր նպատակները:


Մեր ժողովուրդի զարգացման, յառաջդիմութեան, հաւաքական մտքի ստեղծման եւ քաղաքակրթականացման մէջ կարեւոր եղած են Հայ մտքի հաւաքները, որոնք կը միտին շահեկան տեսակէտներու մթնոլորտ մը ստեղծել: Հայապահպան­ման գոր­ծօ­նը տկար թուա­ցող մտա­ծե­լա­կերպ մըն է, այ­սինքն` պահ­պա­նել եղա­ծը բա­ւա­րար չէ, հա­յու­թեան նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ հայ ազ­գի հզօ­րա­ցու­մը, հզօ­րացման գոր­ծըն­թա­ցը ինք­նա­բե­րա­բար կ՛ընդգր­կէ հայապահպանու­մը եւ կ՛ու­ժե­ղաց­նէ ազ­գը, այս պատճառով էր որ մեզի  կը միանային զրուցելու բոլոր անոնք, որոնք կ՛այ­ցե­լէ­ին Հա­լէպ եւ մօտէն կը հետեւէին մեր աշխատանքներուն:

Ի՞նչ  կրնաք   ըսել   ձեր այսօրուան   գործունէութեան մասին:

 
Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով համախմբումի անդամներուն գաղթելուն կամ ճամբորդելու պատճառով մեր գործունէութիւնը շրջան մը դադրեցաւ, սակայն 2014 թուականէն սկսեալ դարձեալ մեր համախմբումը սկսաւ հա­ւաքուիլ եւ զրու­ցե­լ, այս անգամ սփիւռքի մայրաքաղաք համարուող Պէյրութի մէջ, ուր նաեւ  մեզի  միացան կարգ մը  լիբանանահայ մտաւորականներ:

 

 Ի՞նչ թեմաներ կը քննարկէք: 

Իւրաքանչիւր ամիս նիւթի մը մասին կը զրուցենք, կը քննարկենք: Օրինակ Ցեղասպանութեան հարցը, հայ կնոջ դերը մեր հասարակութեան մէջ, հայ դատի վերջին զարգացումները, համաշխարհայնացման մարտահրաւէրներն ու հայ եկեղեցին, կրթական հարցերը, արհեստագիտութեան այսօրուան հարցերը, Սփիւռք-Հայաստան կապերը եւ հայ կեանքը յուզող շատ մը հարցեր: Այս առումով ալ կը հրաւիրենք, իրենց ասպարէզին մէջ մասնագիտացած ազգային գործիչներ կամ  մասնագէտներ:

 

Իմացանք, որ Հայաստանի «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոսթանճեանն ալ մասնակցած է «Դիմատետրի Մտքի Բարեկամներ»ու համախմբումի զրոյցին: Ի՞նչ կ'ըսէք այդ մասին:

- Մենք միշտ բաց ենք այն մտքերուն կամ գաղափարներուն առջեւ, որոնք կը նպաստեն հայ ազգի հզօրացմանը: Մեր վերջին հանդիպման հիւրաբար  ներկայ եղաւ Պէյրութ գտնուող Հայաստանի «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ՝ Զարուհի Փոսթանճեանը, որ մէկ օր առաջ հանդիպում մը ունեցած էր Արամ Ա. վեհափառին հետ: Բնականաբար տեղի ունեցան մտքերու  փոխանակում եւ  խօսցանք  Հայաստանի այսօրուան  խնդիրներուն մասին:

 

 

Հարցազրոյցը  ՝ «Արեւելք»ի