image

Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանի հովուական այցը ՝ Եթովպիա (Լուսանկարներ)

Գերշ.  Տ.  Աշոտ եպս. Մնացականեանի  հովուական այցը ՝  Եթովպիա (Լուսանկարներ)

6-14 Յունուար 2018-ին, Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան հովուական այցելութեամբ մեկնած է Եթովպիա` Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով եւ Ս. Պատարագ մատուցած է Ատիս Ապապայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Սեղանին կը սպասաւորէր Բարեշնորհ Վարդգէս Սարկաւագ Նալպանտեան եւ եթովպահայ դպիրներ, իսկ երգեցողութիւնը կը կատարէր համայնքի անդամներէն բաղկացած «Մուրատեան» երգչախումբը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն։

Սուրբ Ծննդեան տօնին յաջորդող մեռելոցի յիշատակին առիթով Առաջնորդ Հայրը Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարած է Ատիս Ապապայի Ազգային գերեզմանատան մէջ՝ Եթովպահայ հոգեւոր սպասաւորներու, բարերարներու, ազգային եւ մշակութային գործիչներու եւ բոլոր ննջեցեալներու համար։

Այցի ընթացքին Սրբազան Հայրը քննարկումներ ունեցած է նաեւ համայնքի վարչական գործունէութեան հարցերուն եւ յառաջիկայի նախատեսութիւններուն շուրջ։

Շաբաթ, 13 Յունուարին, Սրբազան Հայրը ուխտաւորաբար այցելած է Ատիս Ապապային Պօլէ թաղամասին կից գտնուող Ս. Հռիփսիմէի ժայռափոր սրբավայրը, ուր իրեն դիմաւորած են տեղի վանականներէն Ապպա Բէնա-ն (Բէնիամին) եւ Ապպա Թըսֆայէ-ն (Յոյս)։ Նշենք որ Սրբավայրը աւելի քան 400 տարուան պատմութիւն ունի եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ։