image

Սուրիական թղթոսկին պիտի բարելաւուի՞

Սուրիական թղթոսկին պիտի բարելաւուի՞

Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան կողմէ արտաքին փոխանցումներու դէմ սահմանուած արգելանքի վերացումէն ետք լիրայի փոխարժէքը տոլարի դիմաց կայունացած է, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, սուրիական սեւ շուկային մէջ տոլարի փոխարժէքը կը տատանի 459-էն 465 լիրայի միջեւ, իսկ փոխանակման կէտերն ու ընկերութիւնները նոյն Կեդրոնական դրամատան փոխարժէքը սահմանած են, որ 436 լիրա է, մինչդեռ օտարերկրեայ դրամատուներէն փոխանցուած գումարը կը փոխանակուի 434 լիրայով: