image

Հրանդ Տինքի յիշատակին Պոլսոյ մէջ միջոցառումներ

Հրանդ Տինքի յիշատակին Պոլսոյ մէջ միջոցառումներ

Պոլսոյ մէջ 19 յունուարին, պոլսահայ լրագրող, մտաւորական եւ «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 11-րդ տարելիցի կապակցութեամբ յիշատակի եւ ոգեկոչման բազմաթիւ միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան:

Ինչպէս կը յայտնէ «Ակօսը», Տինքի յիշատակին ամենամեայ երթը կրկին պիտի մեկնարկի նոյն վայրէն՝ «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան շէնքի մօտէն, ուր սպաննուած էր Տինքը: Երթը սկիզբ պիտի առնէ 2007 թուականին իրականացուած սպաննութեան ժամին՝ ժամը 15:00-ին:

Տինքի մահուան 11-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Թուրքիոյ ամենահեղինակաւոր համալսարաններէն Պողազըճըն համաժողով կազմակերպած է, որուն մասնակցելու համար Պոլիս հրաւիրուած է ֆրանսացի մտաւորական Էթիէն Պալիպարը: «Հրանդ Տինքը, մարդու իրաւունքներն ու արտայայտման ազատութիւնը» անվանումով համաժողովը պիտի մեկնարկի 17 յունուարին:

Տինքի տարելիցին նուիրուած յատուկ միջոցառում պիտի կազմակերպէ Թուրքիոյ մէջ գործող ամենաաշխոյժ երիտասարդական շարժումը՝ DurDe-ն: Շարժման մասնակիցները Պոլսոյ Ճեզայիր սրահին մէջ պիտի հիւրընկալեն Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլունն, լրագրող Ումիթ Քըվանչը, ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր, գրող Ուֆուք Ուրասը եւ հասարակական գործիչ Եըլտըզ Օնէնը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ 19 յունուարին Տինքին նուիրուած միջոցառումներով եւ ծրագիրներով հանդէս պիտի գան նաեւ Թուրքիոյ մէջ գործող բազմաթիւ հայկական միութիւններ եւ հիմնադրամներ:

Հրանդ Տինք սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցէն: Հրանդ Տինքի սպաննութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը արդէն 10 տարի է կ'երկարի եւ դեռ չէ գտած իր հանգուցալուծումը: