image

Պոլսահայ աշակերտներ այցելութիւն տուին Անգարա. Անոնք հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէ

Պոլսահայ աշակերտներ այցելութիւն տուին Անգարա. Անոնք հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ  կրթութեան նախարարութեան կողմէ

«Արեւելք»ի  Անգարայի   աղբիւրը կը յայտնէ, որ   Պոլսոյ  Հայ Կաթողիկէ  վարժարանի   աշակերտներու   խումբ մը      օրերս   ծանօթացման  այցելութիւն տուած է  Անգարա:

  Մեր աղբիւրին      փոխանցմամբ      34 աշակերտներէ եւ  7 ուսուցիչներէ   բաղկացող    խումբը  առաջնորդած է  Պոլսոյ  Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ  Տ.   Լեւոն արք.     Զէքիեան:   Ինչպէս   աւելի վաղ  ալ  գրած  ենք Անգարայի հայութեան համար   աւանդական դարձած  է ամենամեայ  հանդիպում   ունենալ   Պոլսոյ  Առաջնորդին հետ   եւ այս տարի  այդ հանդիպման    առթիւ  Գերապայծառն   ու թեմական  պատասխանատուները   գաղափարը յղացած   են  տօնական  օրերու առթիւ     Պոլսահայ  երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, վարչական պատասխանատուներու եւ  աշակերտներու   ընկերակցութեամբ    Անգարա   մեկնիլ եւ     մօտէն  ծանօթանալ  տեղի համայնքի  անդամներուն:   

 

    Մեր տուեալներով   Գերապայծառ  հօր  ընդունած  են  Անգարայի հայ  համայնքի   ներկայացուցիչներէն     Յովհաննէս Հիզարօղլու  եւ աւելի ուշ      Առաջնորդ Սրբազանը   մատուցած է Սուրբ  պատարագ        տալով  յաւուր պատշաճի պատգամ մը:    Յաջորդ օրը   պատուիրակութեան  անդամները  այցելած են  Թուրքիոյ  կրթական նախարարութիւն եւ ընդունուած     կրթութեան փոխ նախարար   Օրհան  Էրտէմի   կողմէ: Ողջոյնի խօսքերու փոխանակումէն ետք պատուիրակութեան  անդամները  շրջած  են    նախարարութեան    շէնքին   մէջ  ու ապա  մեկնած  Թուրքիոյ   խորհրդարանի      գլխաւոր  շէնք  եւ    նոյնպէս արժանացած   պատկան  մարմիններու     պատշաճ ընդունելութեան:

  Ապա         ներկաները       խմբական նկար մը առնելէ ետք       իր  աւարտին  հասցուցած են  ծանօթացման  այս    շահեկան այցելութիւնը:  Նշենք, որ սոյն  այցի  յաջողութեան   մէջ  կարեւոր  դեր ունեցած է Պոլսոյ  Հայ Կաթողիկէ համայնքի   պատասխանատու անդամներէն ՝  Տիար Գարեգին  Պարսամեան:   Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ  մէջ  կը գործեն  Հայ Կաթողիկէ ՝ Բանկալթըի,  Անարատ  Յղութեան  եւ Մխիթարեան  վարժարանները: