image

Ի՞նչ պատճառներով կրնան յետաձգուիլ Լիբանանի ընտրութիւնները

Ի՞նչ պատճառներով կրնան յետաձգուիլ Լիբանանի ընտրութիւնները

Հակառակ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրը մայիսի 6-ին նշանակուած ըլլալուն, սակայն որոշ շրջանակներու կողմէ կասկածներ կը յայտնուին այն յետաձգելու, նկատի ունենալով տարածաշրջանային ոչ բարենպաստ փոփոխութիւններն ու տեղական որոշ ուժերու կողմէ յետաձգելու ուղղութեամբ ի գործ դրուող ջանքերը:

Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանային անբարենպաստ պայմաններուն, «Lebanon 24» լրատուական կայքը հարցազրոյց ունեցած է դիտորդներէն մէկուն հետ, որուն ընթացքին վերջինս յայտնած է, թէ Սուրիոյ մէջ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցածը չէր կրնար պատահականութեան արդիւնք ըլլալ, մանաւանդ նկատի ունենալով ընդդիմադիր ուժերու կողմէ զէնք ու զինամթերք ձեռք բերուելով Սուրիոյ մօտ ռուսական ծովային ու օդային ռազմակայանին վրայ յարձակում իրագործելը, որ պատճառ դարձաւ լարուածութեան առաջացման մէկ կողմէ Թուրքիոյ, միւս կողմէ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ: Նման պայմաններ,ըստ դիտորդին, անխուսափելի կը դարձնեն Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու յետաձգումը, սպասելով տարածաշրջանային իրավիճակի յստակացումը:

Անդրադառնալով ներքին խնդիրներուն, աղբիւրը կարծիք յայտնած է, թէ որոշ տեղական ուժերու մօտ միտում կայ խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելու, այն մտավախութեամբ, թէ նոր օրէնսդրութեան շուքին տակ կրնան խորհրդարանէն ներս իրենց աթոռներու քանակը կորսնցնել: