image

ԱՄՆ յստակեցուցած է Սուրիոյ վերաշինութեան համար պահանջուող գումարին չափը

ԱՄՆ յստակեցուցած է Սուրիոյ վերաշինութեան համար պահանջուող գումարին չափը

ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով առաջացած աւերածութիւնն ու վնասները վերացնելու համար պահանջուող նուազագոյն գումարը 200-300 միլիառ տոլար է:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նախարարութիւնը միաժամանակ շեշտած է, որ Սուրիոյ վերաշինութեան գործին մէջ Ուաշինկթըն օգնութիւն պիտի չցուցաբերէ Մոսկուային ու Թեհրանին, եթէ երկրին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններ ու ընտրութիւններ չ'իրականացուին: