image

Ինչո՞ւ կը փորձեն քողարկել Ռաքքայի մէջ տիրող իրավիճակը. Մոսկուայի հարցադրումը

Ինչո՞ւ կը փորձեն քողարկել Ռաքքայի մէջ տիրող իրավիճակը. Մոսկուայի հարցադրումը

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ կարծիքով, արեւմտեան լրատուամիջոցներն ու քաղաքական շրջանաները միտումնաւոր կերպով կը թաքցնեն Ռաքքայի մէջ տիրող իրավիճակը, որպէսզի կասկածի տակ չդնեն Ուաշինկթընի կողմէ ձեռնարկուող գործողութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Զախարովա նշած է նաեւ, որ դժուար է տեղի ունեցածին այլ բացատրութիւն տալ, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ կրնան հիմնաւորել ԱՄՆ ուժերուն ոչ օրինաւոր կերպով Սուրիոյ մէջ մնալը:

Վերջինս անդրադարձած է նաեւ այն հանգամանքին, որ 2018 թուականի առաջին օրերէն աւելցած է «Ալ Նուսրա»ի եւ միւս ահաբեկչական խմբաւորումներու սադրանքը, դիտել տալով, որ «Ալ Նուսրա»ն չէզոքացնելու պարտականութիւնը ԱՄՆ-ին վրայ է: