image

«ԺԱՄԱՆԱԿ»-ը աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական թերթն է.Anadolou գործակալութեան անդրադարձը (Լուսանկար)

«ԺԱՄԱՆԱԿ»-ը աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական թերթն է.Anadolou  գործակալութեան անդրադարձը (Լուսանկար)

«Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը   յատուկ   թողարկումով մը անդրադարձած է   հայաշխարհի   հնագոյն   պարբերականին     Պոլսոյ    մէջ   տպագրուող     «Ժամանակ»   պարբերականին հիմնադրութեան  110-ամեակին:

 Այս մասին  վերահասու կը դառնանք   «Ժամանակ»ի  մէջ  այսօր լոյս  տեսած  նշմարէ մը, ուր մասնաւորապէս  գրուած է ՝  «Անատոլու» գործակալութիւնը նախընթաց օր արձագանգ հանդիսացաւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանին։ Գործակալութիւնը յատուկ թողարկում մը կատարելով՝ նկատառման յանձնեց այս յոբելեանը՝ թղթակիցներէն Չիյտէմ Ալեանաքի ստորագրութեամբ։ Իսկապէս դրուատալից արձագանգ մըն էր այս մէկը։ Թողարկումը կատարուեցաւ Համաշխարհային գործող լրագրողներու օրուան շարժառիթով եւ ընդգծուեցաւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական թերթն է։ Գործակալութիւնը այս թողարկումին կցած է բազմաթիւ լուսանկարներ։ Այս թողարկման պատրաստութեան համար թղթակից Չիյտէմ Ալեանաք եւ լուսանկարիչներէն Օնուր Չոպան միասնաբար այցելած էին խմբագրատունս։ Գործակալութիւնը թողարկած է լուսանկարչին կողմէ այս առթիւ կատարուած նկարահանումներէն դրուագներ, ինչպէս նաեւ թերթիս վերաբերեալ իր արխիւէն հին դրուագներ։ Ներկայացուած լուսանկարներուն մէջ կան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունէն տեսարաններ, թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի դիմանկարները, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաջին համարը եւ մեր հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներու դիմանկարները։ Ընդգծուած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Թուրքիոյ մէջ 110 տարիէ ի վեր կը հրատարակուի անընդհատ։

Թերթի պատմութեան եւ առաքելութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ երեսակներու բացատրութեան զուգահեռ՝ թողարկման մէջ շեշտուած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ունի պատմական արխիւի մը բնոյթը, որովհետեւ եղած է թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ականատեսը։ Մասնաւորապէս շեշտուած է, որ վերջին տարիներուն ստեղծուած համացանցային կայքէջով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր հասանելի է աշխարհի չորս կողմերուն։

Գօչունեան   նաեւ նշած է, որ  «Ժամանակ» անկախ օրաթերթ մը եղած է իր գոյութեան ողջ տեւողութեան։