image

Բողոքի Ցոյց Պոլսոյ Մէջ. HDP- Կը Պահանջէ Ներքին Գործոց Նախարարին Հրաժարականը

Բողոքի Ցոյց  Պոլսոյ Մէջ. HDP- Կը Պահանջէ  Ներքին  Գործոց Նախարարին Հրաժարականը

Թուրքիա-       Քրտամէտ   HDP կուսակցութեան Պոլսոյ  Շիշլի  թաղամասին  մասնաճիւղը     այսօր երեկոյեան  բողոքի հաւաք մը ըրած  է:  Ըստ «Արեւելք»ի   Պոլսոյ աղբիւրին հաւաքը տեղի ունեցած է  Շիշլի թաղամասին մէջ առ ի  բողոք այսօր  Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական   պայթումներուն, որոնց հետեւանքով շուրջ 90  անձեր զոհուած էին: «Արեւելք» աւելի կանուխ  գրած էր,   Անգարայի մէջ   պայթումին հետեւանքով  վիրաւորուած  հայորդիին մասին: Վիրաւորեալ  Պոլսահայը  կը կոչուի  Րուտի     Սայաթ Փոլատեան:   HDP -ի  Մէկէ աւելի բանբերներ կը պահանջեն ներքին գործոց նախարարին   արագ հրաժարականը: